Քիւրտ ղեկավարը դարձեալ քիւրտերու ինքնակառավարման իրաւունքը ճանչնալու կոչ կ՛ընէ

ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը վար պիտի դնէ իր զէնքը միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա ճանչնայ քիւրտերու ինքնակառավարուելու իրաւունքը», յայտարարած է կուսակցութեան ռազմական թեւի առաջնորդ Մուրատ Քարայըլան:

Քրտական «Ֆրա»չ լրատուական գործակալութեան համաձայն, Քարայըլան դրական համարած է Սպանիոյ պասք անջատողականներու «ETA» խմբաւորման կողմէ զէնքը վար դնելու որոշումը՝ նշելով, որ այդ քայլը արդիւնք էր պասքերու ինքնակառավարման իրաւունքը ճանչնալու Սպանիոյ կառավարութեան որոշումին: Ան նաեւ համոզմունք յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի քիւրտ զինեալներուն միջեւ զինեալ ճակատում տեղի պիտի չունենայ, հակառակ այդ նպատակով տարուող Թուրքիոյ ջանքերուն:

Քարայըլան նշած է նաեւ, թէ վերջին երեք տարիներուն Թուրքիոյ կառավարութիւնը ուղղակի բանակցութիւններու մէջ է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, եւ յոյս յայտնած է, որ կողմերուն միջեւ զինադադար յայտարարելու համաձայնութիւն մը կը գոյանայ, հակառակ Անգարայի որդեգրած կարծր կեցուածքին:

http://asbarez.com/arm/114117/

One response to “Քիւրտ ղեկավարը դարձեալ քիւրտերու ինքնակառավարման իրաւունքը ճանչնալու կոչ կ՛ընէ”

  1. KEVORK KARAGAVOURION

    HARG E AYS ASHKADANKE CGASESENEL.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ