Թուրքիոյ ոստիկանութեան սկսած` Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան անդամներու ձերբակալուողներու շարքին է «Պելկէ» հրատարակչատան հանրածանօթ սեփականատէր ու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն, որ յաճախ բանտարկութեան դատապարտուած է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն, Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց իրաւունքները պաշտպանելուն եւ անոնց մասին գիրքեր հրատարակելուն համար, կը յայտնէ Պոլսոյ «Մարմարա»ն։
Երեքշաբթի` Նոյեմբեր 1ին, ձերբակալուածներու մեծ մասը, երկար հարցաքննութիւններէ ետք, ազատ արձակուեցաւ, բայց դատարանը մերժեց ազատ արձակել Էրսանլըն ու Զարաքօլուն։ Երկուքն ալ դիտել տուին, որ իրենք անմեղ են, ու իրենց մօտ գտնուած նօթագրութիւնները իրենց ակադեմական աշխատանքին համար են:
Զարաքօլու իր ինքնապաշտպանութեան հարցով դիտել տուաւ, որ 1998ին եւ 2008ին մրցանակներ ստացած է Հրատարակիչներու համաշխարհային միութենէն, իսկ 1995ին եւ 2007ին՝ Թուրքիոյ հրատարակիչներու միութենէն, 2003ին՝ Նորվեկիոյ մշակոյթի նախարարութենէն եւ 2010ին՝ Հայաստանի ազգային գրադարանէն։ «Կարելի չէ հասկնալ, թէ ինչպիսի՞ տրամաբանութեամբ է, որ այսպիսի ինքնութիւն մը ունեցող անձ մը կ՛ամբաստանուի ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով։ Ես կը մտածեմ, որ այս ամբաստանութիւնն ալ ահաբեկչութեան տեսակ մըն է. մենք պարզապէս մասնակցած ենք օրինաւոր կուսակցութեան մը օրինաւոր հաւաքներուն։ Կ՛երեւի, թէ մեզի դէմ լարուած ծուղակ մը կայ այստեղ», ըսաւ Զարաքօլու։
Զարաքօլու ըսաւ նաեւ. «Կը յուսամ, որ դատարանը զիս պիտի չբաժնէ իմ գիրքերէս»։
Միւս կողմէ` միջազգային կազմակերպութիւններ կը շարունակեն քննադատել Զարաքօլուի ձերբակալութիւնը:
Զարաքօլուի ձերբակալութիւնը քննադատած են Լրագրողներ առանց սահմաններու կազմակերպութիւնը, Հրատարակիչներու համաշարհային միութիւնը, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը եւ այլ կառոյցներ:
Թրքական իշխանութիւններուն ուղղուած քննադատութիւներուն մէջ կը նշուի, թէ ոստիկանութիւնը ահաբեկչութեան պատրուակով կը փորձէ լռեցնել ազգային փոքրամասնութիւններու հարցով զբաղող գործիչները, կ’ըսէ «Մարմարան»։
03.11.11
Tert.am
Leave a Reply