Թուրքիոյ մամուլը աւելի խաղաղասէր դարձնելու կոչ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին Թուրքիա կրկին ապրեցաւ տխուր օրեր, «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններու կողմէ գործուած սպանդներու ու յարձակումներու հետեւանքով։ Հոկտեմբեր 19ին, զանազան կէտերէ կատարուած յարձակումներուն զոհ գացին 24 թուրք զինուորներ, ինչ որ անգամ մը եւս յորդեցուց բաժակները։ Հանրապետութեան նախագահը այս յարձակումէն ետք ըսաւ, որ շատ ծանր պիտի ըլլայ հակադարձութիւնը։ Բոլոր թերթերը գործածեցին զայրացկոտ վերնագիրներ ու ծանր բառերով պախարակեցին սպանդը։ Շատ բնական էր, որ սպանդը պիտի պախարակուէր մեծ ընդվզումով, բայց ոմանք կ՛ընդգծէին կէտ մը, որ շատ կարեւոր էր։ Կ՛ըսուէր, որ մամուլը այլեւս պէտք է աւելի զգուշաւոր լեզու մը գործածէ նմանօրինակ դէպքերէ ետք, թերթերը պէտք է հեռու կենան գրգռիչ այնպիսի վերնագիրներէ ու բառերէ, որոնք նոր բռնարարքներու ճամբայ պիտի բանան անխուսափելիօրէն։ Այլ խօսքով, թերթերը պէտք է որդեգրեն խաղաղասէր կեցուածք մը, եւ ոչ թէ ռազմաշունչ դիրքաւորում։ Մինչդեռ իրականութիւնն այն է, որ երկրի գլխաւոր թերթերը կը նախընտրեն ռազմաշունչ մերձեցում ցոյց տալ՝ վառելանիւթ թափելով կրակին վրայ։

«Ռատիքալ»ի մէջ, Տեֆնէ Էօզօնուր դատապարտեց ռազմաշունչ լրագրութիւնը՝ գրելով, որ պէտք ունինք խաղաղասէր լրագրութեան։ Ռազմաշունչ լրագրութիւնը լրագրական ասպարէզի բարոյականութեան ներհակ է, որովհետեւ լրագրողը չի կրնար իբր գործիք ծառայել բռնութեան: Ան իբրեւ օրինակ տուած է 19 թերթերու կողմէ Հոկտեմբեր 19ի յաջորդ օրը գործածուած վերնագիրները, որոնք ցոյց կու տան, թէ թերթերու խմբագիրները նախընտրած են ըլլալ «պատերազմի լրագրողներ», քան թէ «խաղաղութեան լրագրողներ»։ Գործածուած բոլոր վերնագիրները կը ստեղծէին հակադիր երկու կողմեր՝ «մենք» եւ «անոնք»։ Այսպիսի մերձեցումի մը մէջ անպայմանօրէն կը փնտռուի շահող մը ու կորսնցնող մը, եւ լրատուութեան ընթացքին ալ կը գործածուին գրգռիչ որակումներ, ինչ որ ներհակ է լրագրութեան։

Խաղաղասէր լրագրութիւնը կը միտի բոլոր կողմերուն ճիշդն ու սխալը երեւան հանել, պատահարներու պատմական գործընթացը ճիշդ բացատրել եւ հեռու կը մնայ ժողովուրդը «մենք»ի ու «միւսներ»ու բաժնելու դիրքաւորումէն, որովհետեւ եթէ իրենք «այս կողմ»ին շահերը կը պաշտպանեն, ապա դիմացի կողմն ալ ունի իր կողմնակիցներն ու հաւատաւորները։

Ռազմասէր մամուլը այսպիսի յարձակումէ մը ետք «ոճրագործներ» ու «զոհեր» կը տեսնէ, կը գործածէ բառեր ինչպէս՝ «սպանդ», «ցեղասպանութիւն», «նախայարձակ», «վայրենի», «բարբարոս», «ծայրայեղական»։ Նոյն մամուլը ժողովուրդը կը բաժնէ երկու դասակարգի, որոնցմէ մէկը «դաւաճան ահաբեկի»չ կը կոչուի, իսկ միւսը՝ «հայրենասէր նահատակ»։ Նման մամուլ մը կը նախընտրէ հրահրել նահատակուածին ընտանիքին զգացումները, փոխանակ զանոնք մեղմացնել ջանալու։

Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, թէ այս պատճառով է, որ ահաւոր թշնամութիւն մը ստեղծուած է երկու հաւաքականութիւններու միջեւ, այնքան, որ Վանի երկրաշարժի մը նման աղէտէն ետք իսկ մարդոց հարցնել կու տայ, թէ փլատակներու տակ մնացողները որո՞նք են, կամ թէ օժանդակութիւնները որո՞նց կողմէ կը ղրկուին։

http://asbarez.com/arm/114021/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ