ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, թրքական լրատու գործակալութիւններ հաղորդած են, թէ Թուրքիոյ օդուժը կը շարունակէ իրաքեան Քիւրտիստան ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն դիրքերը ռմբակոծել:
Տիարպեքիր տեղակայուած թրքական օդուժի հրամանատարութեան «F-16» օդանաւերը կ՛օգտագործուին այդ յարձակումներուն ընթացքին, մինչ թրքական հրետանին Հաքարիի տարածքէն կը ռմբակոծէ այլ դիրքեր:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւորներ ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ, փաստաբան Մարալ Տանըշ Պեշթաշ յայտարարած է, որ թրքական յարձակումներուն ընթացքին գործածուած են նաեւ քիմիական զէնքեր, եւ աւելցուցած, որ կարելի եղած է հաստատել, թէ առնուազն 24 քիւրտեր քիմիական զէնքերու զոհ գացած են:
«Կատարուածին մասին լռելը կը նշանակէ՝ ծառայել Թուրքիան քաոսային վիճակի մատնել փափաքողներուն: Քիմիական զէնքի օգտագործումը արգիլուած է 1997ի Ապրիլ 29ին ուժի մէջ մտած միջազգային համաձայնագիրով», յիշեցուցած է քիւրտ քաղաքական գործիչը՝ այս մասին պաշտօնական բացատրութիւն պահանջելով Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Նաեւ, Պայազիտի մէջ քիւրտ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումի մը ընթացքին, խումբ մը ցուցարարներ կրակի տուած են Աթաթուրքի կիսանդրին: Ոստիկանները կարճ ժամանակ ետք մարած են կրակը։
Leave a Reply