Քլինթըն հայ-թրքական փրոթոքոլը վաւերացնելու կոչ կ՛ընէ Անգարային

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յոյս ունի, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը իր ընթացիկ նստաշրջանին կը վաւերացնէ հայ-թրքական ստորագրուած արձանագրութիւնները, որոնց շնորհիւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը բնականոնանան:

Թրքական լրատուամիջոցներ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին հաղորդած են, թէ Քլինթընը այս նպատակով Թուրքիոյ կոչ ըրած է Ուաշինկթընի մէջ կայացած թուրք-ամերիկեան խորհուրդի խորհրդաժողովին ընթացքին:

Քլինթընի կարծիքով, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանը զարգացնելու եւ կայունացնելու աշխատանքներուն վրայ:

http://asbarez.com/arm/113946/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ