Ազգագրական hաւաքածոյիս Վան-Վասպուրականի նմուշներէն

(Նուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

Պետրոս Ալահայտոյեան

Ժողովրդական երգարուեստը, հայ, նաեւ ոչ հայ, տարբեր ըլլալով հանդերձ անհատ արհեստավարժ ստեղծագործողի երգահանական ոճէն, ունի իր ուրոյն ասելակերպը, երգամտածողական ծածուկ բայց հաստատուն ոլորտներն ու բուրմունքը։

Անհատական եւ ազգագրական ոճերն ու արտայայտչական ձեւակերպարները կրնան «ճակատումի ելլել» իրարու հե՛տ երբ անհատը – օրինակ Ա. Խաչատուրեան, Պ. Պարթոք կամ Մ. Տէֆալիա – կը փորձէ համամարդկայնացնել զայն՝ կաղապարելով, կազմակերպելով, բազմաձայնելով, դաշնաւորելով ժողովրդական երգագիծը։ Պարթոք, օրինակ, վարանած է, դասական ծանր կտաւի իր անհատական խրթին մտայղացումի յորձանուտին մէջ առնելու ժողովրդական (հունգարական, ռումանական, արաբական, …) բանահիւսական ի՛ր իսկ հաւաքած-ձայնագրած երգերը, զանոնք հրատարակելով առանձին համակարգով, մինչ Ա. Խաչատուրեան ջանացած է մնալ առաւելագոյնս ժողովրդաբոյր նոյնիսկ իր դասական խոշոր պաստառի ստեղծագործութեանց մէջ։ Ի դէպ, այս անհատ-ժողովուրդ երաժշտամտածողութեան միջ-ընդելուզումները շատ խոր եւ բազմաշերտ մշակութաբանական հարցեր են։

Երաժշտագէտներու միջեւ յարաճուն բանավէճի նիւթ է այն թէ՝ ազգագրական հայ ֆոլգլորը արուե՞ստ է թէ միայն կենցաղային ամէնօրեայ ապրումի արտայայտաոճ։ Ճիշտ է որ մեր ժողովրդական պարզ ու միածիր տոհմիկ-գաւառաբարբառային տողերը, իրենց նոյնքան միածիր երգագիծով, բաղկացած 2-4 կողակից ձայնանիշերէ, օրինակ՝

Թըլֆըտուրա (տեղանուն) կէնէչ ա (կանաչ է),

Առուին նստեր կը կէնչէա (կ՛երգէ)

Ամէն տեղա հաւներ եմ (կ՛ախորժիմ)

Քիչ մի աչուին կէնէչ ա (աչքերը կանաչ են) [Ուրֆա]

չունին զգլխիչ մեղեդիա-բանաստեղծական ոլորտներ, սակայն մենք ունինք մի՛ւս հրաշալիքները, այսինքն մեր «Անտունի»ները, «Հօռովել»ները, «վիպերգ»ները, սգերգները որոնց նմանը կարելի չէ գտնել այլուր. այս վերջինները, նոյնիսկ եթէ «արուեստ» որակումին չենք արժանացներ, անոնք չեն դադրիր խտացած ճշմարտութիւն եւ սրբացած աւանդ ըլլալէ, որոնց առջեւ երաժշտագէտ թէ երգահան, հայ թէ օտար, պաշտամունքի կը կանգնին։

Հայ ժողովրդական բոլոր երգերը, իրենց երկու մասերով՝ եղանակ եւ ոտանաւոր, աւանդաբար 7 վանկանի, ունին իրենց գեղեցիկ բրդոտ պոչիկը, այսինքն՝ յանկերգը. իսկ նոյն երգը երբ կ՛երգեն մէկէ աւելի անգամներ, կ՛արժանանայ անխուսափելիօրէն իր երկուորեակի ստեղծման, այսինքն՝ տարբերակին։ Մեր առօրեայ ողջ կեանքը, իր միջուկային բաբախումով, մտած է երգաշխարհէն ներս՝ «Առաւօտուն բարի լուս»էն մինչեւ «Լուսին ելաւ էն սարէն», անցնելով  խոհանոցէն «Տոլմա կ՛եփենք պիպարով», մտնելով պարտէզ «Ծիրանի ծառ», թռչելով լեռները, իջնելով հովիտները, ընդգրկելով բոլոր տեսանելի, մանաւանդ անտեսանելի-հոգեկան ոլորտները։ Երգը հայուն մօտ կատարեալ ապրում է բառին իսկական առումով։ Եթէ տուեալ երգի մը քառեակին առաջին երկու տողերը կարելի է նախապատրաստութիւն մը նկատել վերջին երկու տողերուն, այս վերջիննեը կ՛արտայայտեն գլխաւոր միտքը կամ բուն զգացումը. այսպէս՝

Սարը սարին մնան չէ / քարը քարին նման չէ,

Հարս ու աղջիկ շատ տեսայ / մէ՛կն էլ եարիս նըման չէ.

կամ, երբ Վանայ Ծովու կողմերէն կը փչէ զեփիւռը՝

Կի գամ, եար նըստեր վըր խոտին / Շուշան ցանեմ ես քեօ ոտին,

Թեւքըս կ՛եղնի մէջիցդ գօտին / Տէրտէր կ՛օխնայ (կ՛օրհնէ) մեր նարօտին։

Իսկ Բարսեղ Կանաչեանին կը ներշնչեն հետեւեալ բուրումնալից տողերը՝

Վարդերի հետ խաղում ես / Երեսիս ծիծաղում ես,

Քեզ եմ կանչում մօտ արի / Էրուած սիրտըս քաղում ես.

կամ, անմահութիւն բուրող սա տողերը՝

Ով անցնի էնոր մօտով / Կը հարբի անուշ հոտով,

Ծաղիկ չէ, ծաղկի գինի / Հարբողին մահ չի լինի:

Ազգագրական երգն ու պարը կը ստեղծուին յանկարծացայտ հրաշք ակի մը նման, ապրող-շնչող-տառապող-տագնապող-երջանկացող տեղաբնակ շինականին կողմէ, անոր ենթագիտակցական մութ աշխարհէն, առանց «մասնագիտական» կամ դրսեցի կառուցողական միջամտութիւններու։

Ազգագրական երգ, պարերգ թէ պար ընդհանուր առմամբ ստեղծուած են տեղն ու տեղը, յանպատրաստից, գործի ժամանակ՝ մանուկը քնացնելու թէ արտը հերկելու կամ սիրային նոպաներու ատեն (հին օրերուն «սիրահարութիւն» տեղի չէր ունենար. տղուն ծնողքը յանձն կ՛առնէին հարսնցուն փնտռել-գտնել եւ ծնողքէն անոր ձեռքը խնդրել. յաճախ, մինչեւ պսակադրութիւնը, ապագայ զոյգը իրարու չէին հանդիպեր. սէրը կը կառուցուէր օրէ օր, ամուսնութենէն ետք՝ օճախ-երդիկ-ընտանիք յղացքին շուրջ, իսկ անկէ առաջ սէրը երազ եւ կամ բանդագուշանքի համազօր բան մըն էր, բանաստեղծներուն եւ աշուղներուն յատուկ)։ Պարերը ունէին իրենց շրջանի յատուկ արտայայտակերպերը, իսկ երգերը՝ հիմնուած կ՛ըլլային տեղւոյն գաւառաբարբառին՝ կեանքէն ու բնութենէն քաղուած պատկերներուն վրայ։ Օրինակ՝ շրջանին դաշտային կամ լեռնային ըլլալը, ջրառատ կամ ծառախիտ ըլլալը յստակօրէն կ՛ընդնշմարուին այդ շրջանէն ծնունդ առած ազգագրական-բանահիւսական պարեղանակներուն եւ ժողովրդային երգային բնագիրներուն մէջ։ Հողագործական երգերու՝ Հօռովելներու կամ գութաներգերու ստեղծումը կարելի չէ երեւակայել լեռնային բնաշխարհի մը մէջ. ինչպէս ամէն ծառ իր պտուղը ունի, որ իր ժամանակին կը հասուննայ, նոյնպէս ալ մեր աշխարհին մէջ պատմա-աշխարհագրական որոշ բնավայրերու մէջ ստեղծուած են իրենց շրջանի շատ յատուկ երգեր։ Այսպէս «Մոկաց Միրզա» եւ Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպի երգային հատուածները տարածուած էին միայն Մոկաց, Շատախի եւ Ռշտունիքի գաւառները։ Մօտաւորապէս նոյն գաւառի արդիւնք էին «Կարօս խա»չը եւ «Անտունին»ն։ Հայրիկ Մուրատեան կատարած է Սասունցի Դաւիթ դիւցազնավէպի երգային մասերէն հատուածներ (տես «Հայրենի Երգեր», Երեւան, 1980, էջ 19-20)։

«Կարօս խա»չը, իր կարճ ձեւի տակ, գրառուած է Կոմիտասի, Սպիրիտոն Մելիքեանի եւ Արամ Քոչարեանի կողմէ։ Իսկ պատմական, երկար պատումը կատարուած է նախ, Թեհրան, 1961ին, Հայկ Աճէմեանի կողմէ (ամբողջական բնագիրը կարելի է տեսնել նոյն Հ. Աճէմեանի «Ծաղկաքաղ Վասպուրականի Հայ Ժողովրդական Բանահիւսութիւն» ժողովածուին մէջ, Էջմիածին, 1917, Վանի գաւառաբարբառով, էջ 23-34)։ Նոյն «Կարօս խա»չի պատմական երկրորդ կատարումը, կրկին Թեհրան, 1969ին, աւելի կարճ, կը պարտինք  Ավետիս Պուլուզեանին։ Ներկայիս, այն միակ անձը որ տակաւին կը շարունակէ վիպերգութեան այս անստգիւտ աւանդութիւնը՝ վասպուրականցիներ Հ. Աճէմեանի (1898-1965) եւ Ավետիս Պուլուզեանի (1900-1976) աւանդը, Կլենտէյլ ապրող Անահիտ Հալապին է, վիպերգութեան կատարեալ դպրոց մը։

Այս հազուագիւտ եւ պատմութեան դոհուբոհէն պոկուած «Կարոս խա»չ վիպերգը ծայրէիծայր երգային ձեւով չի ներկայանար, այլ ան կը ձեւաւորուի վիպասացութեան ծանօթ երեք հետեւեալ արտայայտակերպերով.

ա) «թիւ ասել» (արտասանութիւն). օրինակ՝

… Տօ երեկ գիյշեր էկաւ իմ էրազին, / ասաց.-Զիկ տարէյք դրէյք մէջ տաճարին,

Գիշեր լեօս կու տամ ձեր տաճարին / Ցերեկ խով կանեմ վէր ձեր գեղին։

…Ծառայ կէլնիմ Կարօս խաչին / Մեռնեմ ուր (իր) շատիկ խրաշքին

Ուր անխասանելի սուրբ զօրութնին։

բ) «ձայնով ասել» (ասերգ). օրինակ՝

Էն կեղի մեծ քախանէն, մեծ իշխան / Էլան երամով ժողովան էկան

Թասով արծաթ ոսկի ժողովին բերին / Չեօքան առջեւ քիւրդ պարոնին ասին…

գ) երգելով (երգ). օրինակ՝

Մէկ շաբաթ օր լեօս կիրակին / Քեառսուն խօտաղ իրար ժողվան

Կնացին խասան մէջ կէս դաշտին

……………

Կատղաւ ասքեար մէջ կէս դաշտին

Առջին դարձաւ վէր յետընին,

Յետին դարձաւ վեր առջընին։

Կատղաւ Ալին, կատղաւ իր ձին / դարձաւ կերաւ իր ձիու ցին,

Կատղաւ խանում մէջ դիւանին / կատղաւ մանուկն ուրուրոցին,

Կատղաւ շուն գըզիր մէջ իր տախտին / դարձաւ կերաւ միսն իր ջանին։  (…)

Երեւանի պետական երաժշտանոցի ծանօթ երաժշտագէտ Ալինա Փահլեվանեան վերջերս լոյս ընծայած է 70 էջնոց ուսումնասիրութիւն մը, «Կարօս խաչ վիպական ասքի նորայայտ պատումները» (Երեւան, 2004) ուր կը բացայայտուի թէ Հայաստանի մէջ անտեղեակ էին վերոյիշեալ երկու մեծանուն վասպուրականցիներուն «Կարօս խա»չի այս պատմական կատարումներէն։ Այս վերջինները լոյս ընծայուած էին արդէն մեր մօտ 1995ին, իրենց համեստագոյն ձայներիզային հում ձեւին տակ, «Վարագ» հանդէսի նախկին խմբագիր տիար Հերոս Գաբրիէլեանի կողմէ. ան իր հետ բերած էր երիզը Թեհրանէն եւ կը պահէր զայն իբրեւ մասունք։ Յաջորդ տարին, 1996ին, ընկեր Հերոս զայն կը նուիրէ տիկին Ալինային այս վերջինիս Կլենտէյլ այցելութեան առիթով։

Հերոսին այդ անշուք ձայներիզին վրայ կը տողանցէ երրորդ նշանաւոր վանեցի երգիչ մը եւս՝ վաշտապետ Վաղարշակ Շահինեան, որմէ ձայնագրուած են եօթ Վանի երգեր։

1985ին, Ցեղասպանութեան 70ամեակին, որոշեցի, անսալով Կոմիտասի օրինակին,  շրջագայիլ, իմ համեստ միջոցներուն վստահած, Սփիւռքի հայահոծ շրջաններն ու ազգային ծերանոցները՝ երկու տարուան անվճար արձակուրդ առնելով Պրիւքսէլի իմ աշխատավայրէս, ուր հաստատուած էի։ Կը յուսայի գտնել Արեւմտահայաստանէն վերապրողներ, որոնք կարող ըլլան ձայնագրիչիս փոխանցել իրենց ծննդավայրէն սորված եւ դեռ չմոռցած հին ազգագրական-պատմական երգեր, նոյնիսկ պատառիկներ։ Բերքս բնաւ արհամարհելի չէր. արդէն լոյս ընծայուած է Բալուի եւ տարածաշրջանի 72 երգերու նուիրուած հատորս (Դրազարկ, 2009)։ 1986ին գործունէութեանս դաշտը եղաւ Փարիզի շրջակայ երեք հայկական ապաստանարանները, նաեւ ծովափնեայ Սեն-Ռաֆայէլ հայ ծերանոցը։ Բախտի անօրինակ դիպուածով հանդիպեցայ, փարիզաբնակ իր որդիին մօտ ապրող Խաչիկ Ներսէսեանին, ծնած 1900ին Վանի նահանգի Հայոց Ձոր գաւառի Արատենց գիւղը։ Խաչիկ Ներսէսեան, յաջորդական քանի մը հանդիպումներու ընթացքին, յաջողեցաւ ձայնագրիչիս փոխանցել Հայոց Ձորի 11 ազգագրական ընտիր երգեր, իրենց գաւառաբարբառային բնագիրներով եւ պատշաճ բառարանով։ Աւելի ետք, ներշնչուելով իր հին երգերուն սիրահարուած ինձ նման մէկ անծանօթի ներկայութենէն, Ներսէսեան ջանք չխնայեց վերյիշելու երկու երգեր եւս։

Ահաւասիկ այդ 13 երգերէն ամէնէն յուզիչը եղող, «Պանդուխտ Վանեցու Երգը»էն քանի մը հատուածներ.

Նոր տարի է էս իրիկուն / Աշխարք բերքով ուրախացին,

Մերոնք էնտեղ դառն արցունքը / Խառնեն իրենց ցամաք խացին։

Շվարիր եմ թէ էս մարդեր / ի՞նչպէս սրտանց կը ծիծաղեն,

Թէ ես էլ ուզեմ ծիծաղեմ / Կասես սիրտս ի որ կը դ(տ)աղեն։

Մէկը մէջքիս տանակ զարկեց / Ետ նայեցի մարդ չերեւաց,

Ես էլ ուրիշ դուշման չունեմ / Կամ բախտս ի կամ էլ Աստուած։

Էս ցաւը որ ծովերին տամ / Ծով կը ցամքի քարի նման,

Էլ սիրտս ինչպէս դիմանայ / Ա՜խ ինչ անեմ եաման, եաման։

Խաչիկ Ներէսեանի միւս երգերէն են՝ «Գութնի երգ», «Էրին էրէրին», «Տանովս արէ», «Շմամօ», «Տօ տղայ լաօ ձի գետն ընցու», եւ ուրիշներ։

Յաջորդ տարին ԱՄՆ ու Տիթրոյիթ քաղաքի Ս. Սարգիս ծերանոցին մէջ վանեցի ուրիշ երգիչ մը գտայ՝ Ենովք Ղազարեան։ Իր կեանքի մասին տեղեկութիւններ տալու փոխարէն ինծի հրամցուց ձայներիզ մը ամբողջութեամբ լեցուած իր երգած երգերով՝

«ահա՛ իմ կեանքս» ըսելով։ Կը ներկայացնեմ անոնցմէ զաւեշտաբոյր չքնաղ օրինակ մը՝ «Շողգամին երգը».

Պապիկ ցանեց շատ շողգամ / Շողգամ մեր տան մեծացաւ,

Մեծացաւ ու շատացաւ / Ինչ որ անեց ան Պապին։

Պապիկ նետեց մի պարան / Շողգամ կապեց տան դըռան

Այ քաշեց ու քաշքըշեց / Շողգամը տեղէն չըխանեց,

Ասդին քաշեց անդին քաշեց / Շողգամ տեղէն չըխանեց։

Պապիկ կանչեց Մամիկին / Մամիկ բռնեց Պապիկին

Պապիկը բռնեց պարան / Հա քաշեցին քաշքըշեցին / Շողգամ տեղէն չըխանեցին։

Օգնութեան կը փութան իրարու ետեւէ Թոռնիկը, ապա՝ Շնիկը, Փիսիկը, Մկնիկը, նաեւ Ճանճիկը, ի վերջոյ Թռչնիկը։ Կարգ մը տարբերակներուն մէջ Թռչնակին օգնութեամբ շողգամը տեղի կու տայ, ուրիշ տեղ՝ անկարելի կ՛ըլլայ շողգամը տեղէն շարժել… որպէսզի առիթը ընծայէ ուրիշներու երգը շարունակելու ուրիշ «օգնականներ»ով։

Երրորդ «Վանեցի»ն, Էօժէնի Թուխանեան, խարբերդցի է. Վանի 20ի մօտ երգերը հարազատութեամբ սորված է իր վանեցի ամուսինէն։ Ահա Էօժէնիին երգածներէն մին.

Օխտն օր, օխտ գիշեր / Շամամ իմ գօտին թոռմըշկէ

Մէկ եարս տեսնէի սիրտս պաղըշկէր / Վա՜յ լէ, վա՜յ լէ, …

Մտեր ես իգյին խաղող կը քաղես / Ալմաս բաչաղով (սրունք) զիմ սիրտ կը ծակես։

Էրթամ Ստամբոլ, պիրեմ փարա պոլ / Իմ եարին համար առնեմ ջուխտըմ սօլ։

Արի, եար արի / Խռով մի մնայ,

Աստւորի մալը (աշխարհի ապրանք) / Ձի քե (ինձ քեզ) չի մնայ։

Այս վերջի երկու տողերը թափառիկ են. կը ծառայեն յարմարագոյն ոտանաւորին «կպչելու» ամբողջացնելու համար պակսած տողեր կամ գաղափարներ։

Վանայ երգերը չափազանց հարուստ են. կ՛ընդգրկեն ամէնէն «գեղարուեստական»ներէն մինչեւ ամէնէն զուարթամիտ, «քէֆ»ի երգերը, օրինակ վաշտապետ Վաղարշակ Շահինեանին «Հօ կոռակօ տալառակօ» ամբողջովին կատակային երգը, որուն բառերուն կէսը տեղւոյն վրայ հնարուած, նշանակութենէ զուրկ՝ հարբողի երգ է։

Վանի երգերուն ցանկը երկար է. յարմար առիթով կ՛արժէ զանոնք լոյս ընծայել։

http://asbarez.com/arm/113842/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ