Փելոսի Կը Ցաւի Որ Իր Ղեկավարած Քոնկրեսը Չճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ, Ներկայացուցիչներու տան նախորդ խօսնակ Նենսի Փելոսի ցաւ կը յայտնէ, որ 111րդ Քոնկրեսը չկրցաւ վաւերացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը, միաժամանակ շեշտելով, որ այդ աշխատանքը պէտք է շարունակուի ներկայ Քոնկրեսին մէջ, յարգելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Փելոսի միաժամանակ կը պաշտպանէ նախորդ Քոնկրեսին մէջ Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ Ցեղասպանութեան բանաձեւը չդնելու իր որոշումը՝ պնդելով, որ բանաձեւը կրնար ձախողութեան մատնուիլ, որովհետեւ կարելի չէր եղած ապահովել բաւարար քուէներ: Ըստ Փելոսիի, բանաձեւին ձախողութիւնը ոչ միայն վնաս պիտի հասցնէր Միացեալ Նահանգներու վարկին, այլ կրնար նպաստաւոր ըլլալ Ցեղասպանութիւնը ուրացող կողմերուն համար, որոնք այդ որոշումը պիտի շահագործէին պնդելու համար, թէ «պատմութեան մեծագոյն ոճիրներէն մէկը հանդիսացող» Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած:

http://asbarez.com/arm/97379/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2011
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ