«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Սքանտինաւեան Արձագանգը» Թեմայով Միջազգային Գիտաժողով

ԵՐԵՒԱՆ.-Ապրիլ 20-21ին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը կազմակերպէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սքանտինաւեան արձագանգը» թեմայով միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած Ֆրիտեօֆ Նանսենի ծննդեան 150 ամեակին: Գիտաժողովին զեկոյցներով հանդէս պիտի գան պատմաբան-հետազօտողներ՝ Հայաստանէն, Շուէտէն, Դանիայէն եւ Նորվեկիայէն: Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային արձագանգումէն զերծ չմնացին նաեւ Սքանտինաւեան երկիրները. Շուէտի, Նորվեկիոյ, Դանիոյ կառավարութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ անհատ քաղաքացիները, զանազան կերպով արձագանգեցին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող կոտորածներուն: Սքանտինաւեան միսիոներներուն ջանքերը յատկապէս ուղղուած էին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ կոտորածներէն տուժած հայ բնակչութեան օգնելուն եւ անոնց մէջ կրօնական քարոզչութիւն իրականացնելուն, որոնք, մեծ մասամբ, կ՛իրականացուէին դանիական, նորվեկիական եւ շուէտական «Կանանց առաքելութեան աշխատողներ» (K.M.A.) կազմակերպութեան միջոցով: 20րդ դարու սկիզբները նշանաւոր սքանտինաւիացի կին-միսիոներներ Մարիա Եակոբսըն, Ալմա Եոհանսոն, Քարէն Եփփէ, Պոտիլ Կատարինէ Պէօրն եւ ուրիշներ, ստանձնելով դժուարին առաքելութիւն մը՝ անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերեցին բազմաթիւ կարիքաւոր հայերու՝ փրկելով հազարաւոր կեանքեր: Մեծ Եղեռնի հետեւանքներու վերացման ուղղուած նախաձեռնութիւններու շարքին, մեծ էր նորվեկիացի բեւեռախոյզ, գիտնական եւ դիւանագէտ Ֆրիտեօֆ Նանսենի ջանքերը: Ֆ. Նանսեն հանդիսանալով Ազգերու լիկայի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը՝ արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկեց Ցեղասպանութենէն ետք անօթեւան մնացած հայերը հայրենիք վերադարձնելու եւ անոնց քաղաքացիութիւն տալու գործին մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ միջազգային այս գիտաժողովին կայացումը նպատակ ունի վերականգնեցնել Սքանտինաւիա-Հայաստան յարաբերութիւններու պատմութեան այս կարեւոր, սակայն մոռցուած ու անտեսուած դրուագները՝ քննարկելով զանոնք ընդհանուր պատմութեան ու յիշողութեան համաթեքսթի մէջ: http://asbarez.com/arm/96704/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2011
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ