Ցեղասպանութեան Վերապրողներու Վկայութիւնները՝

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Բանահաւաք, բանասիրական գիտութիւններու դոկտ. Վերժինէ Սվազլեան Ապրիլ 18ին լրագրողներուն ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ականատես վերապրողների վկայութիւններ» կոչուած իր գիրքին հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակները: Գիրքը կ՛ընդգրկէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդէն անմիջականօրէն գրի առնուած 700 բանաւոր վկայութիւններ եւ պատմական բնոյթի երգեր: Հայերէն տարբերակը հրատարակուած է 500 տպաքանակով, անգլերէնը՝ 1000, իսկ թրքերէնը տպագրման ընթացքի մէջ է, կը հրատարակուի Թուրքիոյ մէջ եւ պիտի տպագրուի ըստ պահանջի: «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տարբեր լեզուներով գրուել են գիտական աշխատութիւններ, փաստաթղթերի ուսումնասիրութիւններ, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, բայց այդ հսկայական գրականութեան մէջ բացակայել է ժողովրդի ձայնը՝ անմիջական տպաւորութիւններ ստացած ականատես-վկայ վերապրողների պատմած յուշերն ու հաղորդած ժողովրդական երգերը, որոնք եւս պատմաճանաչողական, փաստավաւերագարական եւ սկզբանղբիւրային կարեւոր արժէք են ներկայացնում», ըսաւ Վերժինէ Սվազլեան: Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը կատարելու ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ դժուարութիւններ, քանի որ Սովետական Հայաստանի մէջ արգիլուած էր այդ մասին խօսիլը: Վերժինէ Սվազլեան պատմեց բազմաթիւ դէպքեր, երբ ականատեսներ կը մերժէին խօսիլ, քանի որ կը վախնային թուրքերէն եւ Թուրքիայէն: Հեղինակը նշեց նաեւ, որ աշխատանքը համալրուած է վերապրողներու լուսանկարներով, Հայոց Ցեղասպանութեան քարտէսով, իսկ թրքալեզու երգերուն կ՛ուղեկցին հեղինակին կատարած հայերէն թարգմանութիւնները: Ականատեսներու յուշերը եւ մանաւանդ թրքալեզու երգերը ունին պատմական վաւերագիրներու արժէք՝ ոչ միայն հայ ժողովուրդին ողբերգական այդ շրջանի պատմութիւնը ճիշդ հասկնալու եւ ըմբռնելու իմաստով, այլեւ Հայ Դատի պաշտպանութիւնը առաւել հիմնաւորելու եւ յատկապէս թուրք ու թրքամէտ պատմաբաններուն՝ ժողովրդական յուշերով եւ թրքալեզու երգերով հակահարուած տալու առումով http://asbarez.com/arm/96659/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2011
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ