ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա-Հայաստան սահմանամերձ կէտի վրայ, Կարսի նախկին քաղաքապետ Նայիֆ Ալիպէյօղլուի առաջարկով քանդակագործ Մեհմետ Աքսոյի կողմէ շինուած հսկայ արձանը, որ «Մարդկութիւնը» եւ հայ-թրքական «բարեկամութիւնը» կը խորհրդանշէր եւ որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» անուանուած էր, Կիրակի, Ապրիլ 17ին սկսաւ մասնատուելու՝ վարչապետին հրահանգով։
Քաղաքապետը ու քանդակագործը չկրցան արգելք հանդիսանալ հսկայ յուշարձանը քանդելու որոշումին։ Վարչապետը տգեղ ու անիմաստ գտած էր արձանը եւ պնդած, թէ ան վնաս կը պատճառէ շրջապատի միւս յուշարձաններուն։
Յուշարձանը քանդելու ու մասնատելու գործը յանձնուեցաւ հաստատութեան մը, որ Կիրակի օր առաջին հարուածը իջեցուց յուշարձանին։ Նախ մաքրուեցան յուշարձանին շուրջ գտնուող հողերը ու լաստակներ դրուեցան յուշարձանին շուրջ. 200 թոն վերցնող ծանրաբարձ մը Պոլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Կարս։ Անով է, որ յուշարձանը վերէն վար պիտի ճեղքուի, իսկ կտորները մաս առ մաս վար պիտի առնուին։ Հակառակ յորդահոս անձրեւին, Կիրակի օր գործակատարները շարունակեցին աշխատանքը. նոյնիսկ հետաքրքիրներու բազմութիւն մը կը հետեւէր անոնց աշխատանքին։
Կարսի յուշարձանը մասնատելու որոշումին դէմ Ապրիլ 23ին բողոքի ցոյց կազմակերպելու նպատակով, թուրք յայտնի նկարիչ Պետրի Պայքամ իր ընկերներուն հետ Պոլսոյ մէջ հրաւիրած էր ժողով մը, որմէ դուրս գալու ընթացքին, նկարիչն ու անոր օգնականը դանակահարուած են անծանօթի մը կողմէ:
Նկարիչը քննադատած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, արուեստի գործը «հրէշային» անուանելուն եւ զայն քանդելու որոշումին պատճառ դառնալուն համար:
Պոլսոյ ոստիկանապետը անմիջապէս այցելած է հիւանդանոց, ուր լրագրողներուն յայտնած է, թէ յանցագործը արագօրէն պիտի ձերբակալուի, քանի որ իրենց մօտ ապացոյցներ կան արդէն:
Leave a Reply