Ֆրանսայի հարաւարեւմտեան Թուլուզ քաղաքին մէջ, 14 Ապրիլ, 2011-ին, Հոթ Կարոնի նահանգային խորհուրդի շէնքէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մխիթար Գոշ» պատուոյ շքանշանով մեծարուեցաւ հայ ժողովուրդի երկար տարիներու բարեկամ՝ Հանրի Սապին, Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան՝ պրն. Վիգէն Չիթէճեանի ձեռամբ: Պարգեւատրման ներկայ էին Հոթ Կարոնի նահանգային խորհուրդի անդամներ, փոխ նախագահուհի Անի Մորի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ եւ Պրիւքսելի գրասենեակի աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ բարեկամներ:
Հոթ Կարոնի նահանգային խորհուրդի փոխ նախագահուհի Անի Մորի խորհուրդի անունով ողջունեց ներկաները եւ նկարագրեց Հանրի Սապիի քաղաքական գործունէութիւնը տեղական կառավարման մարմիններէն մինչեւ Եւրոխորհրդարան մուտքը՝ 1981ին: Ապա խօսք առաւ ՀՀ դեսպան պրն. Վիգէն Չիթէճեան որ անդրադարձաւ 2001-ին Ֆրանսայի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքին եւ յոյս յայտնեց որ Ֆրանսա չբաւարարուի այդ օրէնքով, այլ զայն ամբողջացնէ՝ ուրացման պատժելիութեան օրէնքը ընդունելով:
Դեսպանը կարեւորեց Եւրոխորհրդարանի կողմէ 1987-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, առաջինը՝ Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, որ նաեւ որոշիչ քայլ մըն է մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կանխարգիլման ուղղութեամբ:
Ապա ան «Մխիթար Գոշ» պատուոյ շքանշանը դրաւ Հանրի Սապիի կուրծքին։ Հանրի Սապի իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին այս պարգեւատրման համար եւ իր վատառողջ վիճակին պատճառով յայտնեց, որ իրեն փոխարէն խօսք պիտի առնէ Հիլտա Չոպոյեանը:
Հիլտա Չոպոյեան դրուատեց Հանրի Սապիի երկարամեայ քաղաքական գործունէութիւնը, որ իրեն առիթ տուած էր աշխարհի չորս ծագերուն նպաստել հակամարտութիւններու լուծման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ մասնաւորաբար շեշտեց Հանրի Սապիի որոշիչ դերակատարութիւնը 1987-ին Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման մէջ:
Ան թուեց անունները բոլոր այն երախտաւորներուն, որոնք դիմադրեցին Թուրքիոյ ծանր ճնշումներուն եւ իրենց համամարդկային արժէքներով զինուած՝ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպան հանդիսացան: Յատուկ կարեւորութեամբ յիշեց տիկին Սիմոն Սապիի նուիրուածութիւնն ու որոշիչ դերը ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ, այլ յաջորդող տարիներուն՝ հայ ժողովուրդի եւ Ղարաբաղի իրաւունքներուն ի նպաստ Եւրոխորհրդարանի պատմական բանաձեւերուն մէջ:
Հանրի Սապի
Նախկին Եւրոերեսփոխան Հանրի Սապի ծնած է 1933 թուականին, Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ: Ան 1981-էն 1994 Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ ընտրուած է Ֆրանսական Ընկերվարական Կուսակցութեան ցանկերէն:
Հանրի Սապի յաջորդաբար եղած է Եւրոխորհրդարանի Ֆրանսացի ընկերվարականներու պատուիրակութեան նախագահ, Զարգացման եւ Համագործակցութեան Յանձնաժողովի նախագահ, Ափրիկէ, Քարայիպեան–Խաղաղական Յանձնաժողովի փոխ նախագահ եւ Նախագահներու Յանձնաժողովի նախագահ: Ան նաեւ բազում այլ պաշտօններ վարած եւ անդամ եղած է զանազան այլ յանձնախումբերու։
1987 Յունիս 18–ին Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ Հանրի Սապի առաջնորդ դեր կատարած է, եւ իր ջանքերուն միջոցով է որ՝ ընկերվարական խումբի զանազան երկիրներու պատուիրակութիւնները պաշտպանած եւ քուէարկած են 1987-ի բանաձեւը:
1988-ի Արցախեան շարժումէն ետք, Եւրոխորհրդարանին մէջ ան մեծապէս նպաստած է Արցախահայութեան իրաւունքներուն ի նպաստ բանաձեւերու որդեգրման, աշխատանքային այցելութիւններ կատարած է Հայաստան եւ Արցախ, ու 1990-ին՝ Հայաստանի եւ հայութեան համար իր տարած աշխատանքներուն իբր գնահատանք, Հանրի Սապի Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ պատուոյ քաղաքացիի կոչում ստացած է։
2007-ի հոկտեմբերին, Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրման 20-րդ տարեդարձին առիթով՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած Եւրոպահայութեան 2-րդ համաժողովի առիթով, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը պարգեւատրեց զինք եւ միւս դերակատարները։
Leave a Reply