ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական եւ օտար մամուլը Հինգշաբթի, Ապրիլ 13ին լայնօրէն արձագանգեց Թուրքիոյ վարչապետի սթրազպուրկեան ելոյթին եւ ֆրանսացի երեսփոխանի մը հարցումին տրուած պատասխանին:
ԵԽԽՎի ֆրանսացի երեսփոխանուհի Միւրիէլ Մարլան Միլիթելօ Էրտողանի հարցուցած էր, թէ թուրք վարչապետը ի՞նչ կրնայ ըսել Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց եւ կրօնական ազատութիւններուն դէմ սահմանափակումներուն մասին, իսկ Էրտողան խստօրէն փոխադարձած էր ըսելով, թէ երեսփոխանուհին հաւանաբար «ֆրանսացի մնացած է Թուրքիոյ մասին իր պատկերացումներուն մէջ»։
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» կայանի թղթակիցը հարցազրոյց մը ունեցած է ֆրանսացի երեսփոխանին հետ, որ իր կարիգն պարզեց, թէ ան երբեք անծանօթ մը չէ Թուրքիոյ եւ «ֆրանսացի չէ մնացած իր պատկերացումներուն մէջ»։ Միլիթելօ նշած է, թէ ինք հայկական արմատներով ֆրանսացի է եւ իր ընտանիքը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին ճողոպրած է Թուրքիայէն։
Ֆրանսացի երեսփոխանուհին հետեւեալը ըսաւ. «Անմիջապէս հասկցայ, որ Թուրքիոյ վարչապետին խօսքերը անհաճոյ էին ֆրանսացիներուն համար։ Այնպէս կը թուի, թէ «ֆրանսացի մնալ»ը վարկաբեկիչ իմաստ մը ունի թրքերէնին մէջ։ Այդ պահուն չէի կրնար փոխադարձել թուրք վարչապետին, սակայն բարեկիրթ չնկատեցի այդ խօսքերը։ Ըստ իս, այդ յայտարարութիւնները ներհակ կը մնան Եւրոխորհուրդին մէջ քաղաքավարութեան սկզբունքներուն։ Առանց մէկը ճանչնալու, ճիշդ չէ արհամարհանքով մօտենալ անոր։ Իմ հարցումս իրականութեան մէջ Թուրքիոյ ի նպաստ հարցում մըն էր եւ ան կրնար բարեկրթութեամբ «այո՛» ըսել։ Թուրքիան բարենիշ կը շահէր ատկէ։ Յարգելի վարչապետը, կա՛մ անտեղեակ ըլլալու պատճառով եւ կամ դիտումնաւոր կերպով, սխալ մը գործեց։ Ֆրանսայի մէջ աշխարհիկ կարգավիճակը պարզապէս կը հրահանգէ, որ կրօնական խորհրդանշաններ չգործածուին հրապարակայնօրէն։ Վարչապետ մը վճիռ արձակելէ առաջ լաւատեղեակ պէտք է ըլլայ այդ նիւթին մասին»։
Առաւել հետաքրքրական էին ֆրանսացի երեսփոխանուհիին խօսքերը իր արմատներուն մասին։ Ան յայտնեց, թէ ինք մօր կողմէ հայկական ծագում ունի եւ իր մօրենական մեծհայրը Սէրեան անունով հայ մը եղած է։ «Մեծ ծնողքս բնակած է Պոլիս, Գատըգիւղ թաղին մէջ։ Մեծ հայրս գորգի գործարան մը ունեցած է ու մայրս մինչեւ 1915 հոն ապրած է։ Մօրս անունը Մատլէն էր։ 1915ի Ապրիլին, ընկերները յանկարծ բախած են անոնց դուռը եւ ըսած, թէ պիտի բռնագաղթեն։ Այդ թուրք բարեկամները օգնած են, որ անոնք կարենան ճողոպրիլ Թուրքիայէն։ Մեծ մայրս միայն իր գոհարեղէններուն տուփը կրցած է իրեն հետ առնել։ 1915ի իրադարձութիւններէն ետք, ընտանիքս նախ Եգիպտոս, ապա Ֆրանսա գաղթած է։ Եթէ ես այսօր կ՛ապրիմ, կեանքս կը պարտիմ այդ թուրք ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնց շնորհիւ ընտանիքս կրցած է խոյս տալ ստոյգ մահէ։ Մեծ հայրս միայն հայերէն ու թրքերէն կը խօսէր։ Նոյնիսկ Թուրքիայէն հեռանալէ ետք, ան միշտ կ՛ըսէր, թէ հպարտ էր նախկին թուրքիացի ըլլալուն համար», ընդգծեց 68ամեայ ֆրանսացի երեսփոխանուհին, որ անդամ է Ֆրանսայի իշող Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժման կուսակցութեան։
Leave a Reply