ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼԷՆ՝ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ. «Իլհան Սելջուքի Մայրը Հայ Էր» Եւ «Երիտասարդ Թուրք Դեսպանի Մը Առարկութիւնները»

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Հասան Ճեմալ այս օրերուն կը շարունակէ անդրադառնալ հայերու հետ առնչակից հարցերու։ Ինչպէս մանրամասնութիւններով հաղորդած էինք արդէն, ան շաբաթ մը առաջ Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած էր հայկական համագումարի մը ու հիւրընկալուած էր Պոլսահայերու միութեան մէջ, համագումարի ընթացքին քանի մը անգամ ընդունած էր «Հայկական Ցեղասպանութիւն»ը, հետաքրքրական ելոյթներ ալ ունեցած էր։

ԻԼՀԱՆ ՍԵԼՋՈՒՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՀԵՑ, ԹԷ ՄԱՅՐԸ ՀԱՅ ԷՐ

Յայտնի յօդուածագիրը «Միլլիյէ»չի իր սիւնակին մէջ երեք օրէ ի վեր կը հրատարակէ Նիւ Եորքի Ֆանէլլի սրճարանին մէջ գրի առնուած յօդուածներ, որոնք այսպէս կամ այնպէս դարձեալ կ՛առնչուին հայերու։ Երեքշաբթի օր հրատարակած էր «Անցեալը երբեք անցեալ չի դառնար» խորագրեալ յօդուած մը, որ կարեւոր կը դառնար անով, որ Հասան Ճեմալ հոն կը հրապարակէր, որ «Ճումհուրիյէ»չի հանգուցեալ աւագ խմբագիր Իլհան Սելջուքի մայրը հայ էր։ Հանտան Հանըմ։ Սելջուքին մօրաքոյրն ալ թաղուած է Հայոց գերեզմանատան մէջ։ Հասան Ճեմալի համար բաւական դժուար եղած էր յօդուած մը գրել, երբ Հանտան Հանըմ մեռած էր։ Իլհան Սելջուք չէր կրցած իր ուզածին պէս պահել իր մօրը սուգը։ Եւ հիմա Հասան Ճեմալ կը գրէ սապէս.

«Իլհան Ապի ինչո՞ւ արդեօք պահած էր, թէ իր մայրը հայ էր։ Մինչդեռ ես Հանտան Հանըմէն իսկ գիտէի, թէ ան բացառիկ կարեւորութիւն կու տար իր մօր. երբ մայրը մեռաւ, առանց ուրիշին յայտնի ընելու խոր սուգ պահած էր։ Ուիլիըմ Սարոյեան որքան լաւ ըսեր է. «Անցեալը բնաւ չի մեռնիր, նոյնիսկ անցեալը անցեալ չէ»։ Սարոյեանն ալ Ամերիկայի մեծագոյն հայ վիպագիրներէն մէկն է, Պիթլիսցի։ Ուրեմն կարելի չէ ոչնչացնել անցեալը։ Կարելի չէ խոյս տալ անցեալէն։ Մարդիկը չեն կրնար մոռնալ ոչ իրենց արմատը, ոչ ալ անցեալի իրենց ցաւերը»։

Հասան Ճեմալ ապա իր յօդուածը կը վերջացնէ սա յատկանշական տողերով.

«Գիտեմ, ոմանք կը հաւատան, որ անցեալը փորձանք է եւ աւելի լաւ է որ մոռցուի։ Բայց ես այդպէս չեմ մտածեր։ Կը կարծէք, որ յաջողեցաք անցեալը թաղել։ Եւ թէ երբեմն այդ բանը ընել կը ջանաք պետութեան ուժը գործածելով։ Անցեալը կը խեղաթիւրէք։ Ճշմարտութիւնները կ՛ուրանաք։ Պետութեան ձեռքով սուտ պատմութիւն գրի կ՛առնէք։ Ամէն միջոցի կը դիմէք որպէսզի ձեր մարդիկը ապրեցնէք սուտերու աշխարհի մը մէջ։ Բայց ի զուր։ Անցեալը օր մը դարձեալ ջուրին երեսը կ՛ելլէ։ Եւ ահա 1915ը Թուրքիոյ համար այսպիսի ճշմարտութիւն մըն է»։

ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻ ՄԸ ԸՆԴՎԶԵՑՈՒՑԻՉ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հասան Ճեմալ, երէկ ալ (Չորեքշաբթի օր-Խմբ.), Նիւ Եորքի Ֆանէլլի սրճարանէն գրի առնուած իր տպաւորութիւններուն երկրորդին մէջ կը պատմէր, թէ ինչպէս գրպանի հեռաձայնը հնչեց ու իրեն հետ խօսիլ ուզեց թուրք դիւանագէտ մը։

«Ո՞վ է, չեմ ճանչնար, կը գրէ Հասան Ճեմալ։  Դեսպան մըն է, որ դեռ կը պաշտօնավարէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու մէջ, որպէս Թուրքիոյ Դեսպան։ Յայտնապէս ան անհանգստացած էր Լոս Անճելըսի մէջ իմ գրածներէս։ Շատ կանոնաւոր թրքերէն մը կը խօսի։ Իր նիւթը գիտցող լաւ դիւանագէտ մը։ Ան ալ, Շիւքրիւ Էլէքտաղին նման, հայերու մասին պատրաստուած ձայներիզէ մը խօսելու նման կը խօսի։

Որքան ալ կը ջանայ իր խօսքերը հաւասարակշռել, իր ոճը եւ իր գիտոսիկութիւնը կ՛անհանգստացնէ զիս։ Որքան ալ նուրբ ու յարգանքով խօսի, ես կը հասկնամ, որ ան իրականութեան մէջ ինծի ըսել կ՛ուզէ հետեւեալը. «Հասան Ճեմալ, այնքան տգէտ ես որ քեզ կը խաբեն»։ Է՜յ Աստուած իմ։ Ես ալ Նիւ Եորքի այս բազմաժխոր փողոցին մէջ կեցեր եմ ու մտիկ կ՛ընեմ անոր ըսածները։ Երբեմն այսպիսի տխմարութիւն կը գործեմ։ Մինչդեռ կրնայի գոցել հեռաձայնը ու անցնիլ։ Հազար անգամ լսած եմ ես այս  ձայներիզը։ Թուրքիա այս ձայներիզը գործածելով է, որ 1915ի նիւթին մէջ բոլորովին առանձին մնաց ամբողջ աշխարհի վրայ։ Այսպէս կ՛ըսեմ այդ դիւանագէտին, բայց  ան միշտ նոյն ձայնապնակը կը նուագէ.

– Բայց էֆէնտիմ, մենք ալ Թուրքիոյ անունով մեր պարտականութիւնը չկատարեցինք մինչեւ այսօր…:

Ո՜վ գիտէ քաներորդ անգամն է, որ կը լսեմ այս նախադասութիւնը։ Մե՜ղք։ Թուրքիա իր պաշտօնական տեսակէտով չկրցաւ ցարդ ինքզինք բացատրել։ Չի ալ կրնար։ Որովհետեւ Թուրքիա պաշտօնական պատմութեան մը տակ ծածկած է բազմաթիւ ճշմարտութիւններ, որոնցմէ մէկն ալ 1915ն է։ Հանրապետութիւնը յաջողութիւն կարծած է մարդիկը սուտի մէջ ապրեցնելը։ Բայց արդիւնքը յուսախաբութիւն է։ Անշուշտ այս հողերուն վրայ միայն հայերը կամ քիւրտերը չեն որ տառապեցան, թուրքերն ալ տառապեցան։ Բայց երկու բան կայ զոր չէք կրնար ընել այս կէտէն մեկնելով։ Նախ՝ չէք կրնար իրարու հետ բաղդատել ցաւերը։ Յետոյ՝ կարելի չէ կոթ մը յարմարցնել մեր պատմութեան խայտառակ էջերուն։

«Անշուշտ ես այս բոլորը չկրցայ ըսել երիտասարդ դիւանագէտին, բայց իրեն պիտի յանձնարարեմ որ պաշտօնական պատմութեան կողքին տարբեր տեսակի պատմութիւն ալ թող կարդայ քիչ մը, որովհետեւ ուրիշ կերպով չի կրնար լուծել Թուրքիոյ գաղտնագիրերը։ Եթէ իր հունին մէջ չտեղաւորէք Իթթիհատականներու 1915ը, Թուրքիոյ Հանրապետութեան միւս խնդիրներն ալ չէք կրնար հասկնալ։ Երբ մտիկ կ՛ընէի երիտասարդ դեսպանին խօսքերը, ականջներուս մէջ կը հնչէր Հաքքարիցի մտաւորականին սա անմոռանալի նախադասութիւնը. «Այս հողերուն վրայ քիւրտերը կը ջանան փաստել որ կ՛ապրին, ողջ են, իսկ հայերը կը ջանան փաստել որ սպաննուած են»։

http://asbarez.com/arm/96106/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2011
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ