Ըստ Ուաշինկթընի՝ Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հարցին Քննարկումը Վտանգաւոր Է

ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ապրիլ 8ին հրապարակուած մարդկային իրաւանց վերաբերող տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարցին ու եւ քրտական տագնապին վերաբերող եւ պաշտօնական կեցուաքին հակադրուող տեսակէտներ արտայայտողներու նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու վտանգը տակաւին չէ ջնջուած։

Զեկուցումին մէջ Թուրքիոյ վերաբերող բաժինով անրդադարձ կը կատարուի խօսքի եւ մամուլի ազատութեան, դատական համակարգին, «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ հետաքննութեան, քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301րդ յօդուածին եւ այլ հարցերու։

«Մամուլի եւ խօսքի ազատութեան» բաժինին մէջ կը նշուի, թէ հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ մէջ գործող օրէնքներով կ՛երաշխաւորուի մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնը, սակայն գործնականին մէջ, «պետութիւնը կը շարունակէ, շատ պարագաներու, սահմանափակել այդ ազատութիւնները»։

«Շատ պարագաներու, անհատներ կը խուսափին հրապարակաւ քննադատելէ պետութիւնը կամ կառավարութիւնը, իրենց դէմ այդ քայլին համար հետաքննութիւն սկսելու վտանգի գոյութեան պատճառով։ Իշխանութիւնները կը սահմանափակեն քրտական ազգայնականութեան եւ տարբեր կրօնական, քաղաքական ու մշակութային հայեացքներու համակիրներուն խօսքի ազատութիւնը», կը նշուի զեկուցումին մէջ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, թէ «հասարակութեան մէջ կը շարունակուին աշխոյժ քննարկումները բանակի դերին, իսլամութեան, քաղաքական իսլամութեան, քիւրտերուն, ալաուիներուն եւ Հայկական Հարցին վերաբերող նիւթերու։ Սակայն միւս կողմէ, այդ նիւթերուն, մասնաւորաբար՝ բանակի, հայկական եւ քրտական հարցերու վերաբերեալ գրաւոր եւ բանաւոր տեսակէտներ արտայայտողներուն նկատմամբ, կը շարունակուի հետաքննութիւն սկսելու վտանգը»։

http://asbarez.com/arm/96172/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2011
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ