Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրաւական համակարգէն եւ խօսքի ազատութեան բնագաւառէն ներս անյապաղ բարեփոխումներ չիրականացնեն, հաւանական է որ մօտ ապագային թրքական բանտերուն մէջ գտնուող լրագրողներու թիւը հասնի 1000-ի: Այս մասին, ըստ թրքական «Վաթան» օրաթերթին, կ՚ըսուի ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունիա Միադովիչի` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին ուղղուած գրաւոր յայտարարութեամբ:
Միատովիչը ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ իրականացուող հետապնդումներն ու հետաքննութիւնները կը խոչընդոտեն Թուրքիոյ` ԵՄ անդամակցութեան բանակցային գործընթացը:
ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է նաեւ, որ իրենք կը պատրաստուին ձեւաւորել յանձնաժողով, որ կ’ուսումնասիրէ թրքական բանտերու մէջ գտնուող լրագրողներու գործերը:
Tert.am
05.04.11
Leave a Reply