Արժանթինական Դատարանը Բաւարարած է Արժանթինահայ Գրեգորիօ Հայրապետեանի` Ընդդէմ Թրքական Պետութեան Ներկայացուցած Հայցը

Արժանթինական դատարանը բաւարարած է արժանթինահայ Գրեգորիօ Հայրապետեանի` ընդդէմ թրքական պետութեան ներկայացուցած հայցը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրրիյեթ» (Hurriyet) օրաթերթը:

Թրքական պարբերականի փոխանցմամբ` Գրեգորիօ Հայրապետեանը 11 տարի առաջ դիմած էր արժանթինական արդարադատութեան` իրաւական դաշտի մէջ ապացուցելու համար, որ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն Սուազի եւ Խարբերդի մէջ բնակող իր ազգականներու խեղուած ճակատագրերու ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ թրքական պետութիւնը:

Յայտնի դատաւոր Նորպերթօ Օյարպիտէի կայացուցած որոշման մէջ կը նշուի. «Թրքական պետութիւնը, 1915-1923ին ծրագրուած եւ նախագծուած կերպով ոչնչացնելով 1,5 միլիոն հայ քաղաքացիներու, ցեղասպանութիւն իրականացուցած է»:

«Չնայած արժանթինական դատարանի կայացուցած որոշումը որեւէ պատիժ չի նախատեսեր Թուրքիոյ համար, սակայն անիկա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ հայկական կազմակերպութիւններուն՝ միջազգային հարթակներու վրայ եւ դատարաններու մէջ այդ որոշումը օգտագործել իբրեւ հիմք»,– կը գրէ «Հիւրրիյէթ»:

Դատաւոր Օյարպիտէ 2002ին պաշտօնապէս դիմած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` Հայրապետեանի ընտանիքի հետ կապուած արխիւային փաստաթուղթերը արժանթինական դատարանին փոխանցելու պահանջով: Արժանթինցի դատաւորը՝ 1915-1923ին թրքական պետութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան առնչութեամբ՝ արխիւային փաստաթուղթեր պահանջած էր նաեւ Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Վատիկանէն: Ողջ այդ փաստաթուղթերը 11 տարի շարունակ ուսումնասիրելէ ետք՝ դատարանը կայացուցած էր իր որոշումը, ըստ որուն՝ անգամ մը եւս կ՚ապացուցուի Թուրքիոյ` ցեղասպան պետութիւն ըլլալուն հանգամանքը:

Նորպերտօ Օյարպիտէի կայացուցած որոշման համար մեծ նշանակութիւն ունեցած են Գերմանիայէն ուղարկուած այդ ժամանակաշրջանի հիւպատոսներու եւ դեսպաններու գաղտնի հեռագրերը, որոնց մէջ կը նշուի. «Այս ամէնը միայն հայերու դէմ իրականացուող յանցագործութիւններ չեն: Թրքական պետութիւնը ծրագրուած կերպով կ՚իրականացնէ ծրագիր մը, որուն նպատակը հայ ժողովուրդին ոչնչացնելն է»:

Եւ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Գերմանիան եղած է Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր դաշնակիցը, արժանթինական դատարանի կայացուցած որոշման համար, մասնաւորապէս, հիմք ծառայած են գերմանացի դիւանագէտներուն հեռագրերը:

Tert.am

02.04.11

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2011
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ