ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Արարատեան թեմի եւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, քսան անուանի հայ նկարիչներ պիտի մեկնին Անի։ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան համանախագահ Ղազար Միրզոյեան յայտնեց, թէ ձեռնարկը կ՛իրականանայ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Անի մայրաքաղաքի ստեղծման 1050ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջագիծով։
Նկարիչները կարելիութիւն պիտի ունենան տեղւոյն վրայ նկարելու Անիի բնութիւնը, իսկ Երեւան վերադարձին կը նախատեսուի կազմակերպել ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին ո՛չ միայն Անիի մէջ պատրաստուած նկարները, այլեւ այդ նկարիչներուն կողմէ սեփական արուեստանոցներու մէջ նկարուած երկուքական աշխատանքներ։
Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մայիսին։ Կտաւները լոյս պիտի տեսնեն նաեւ անջատ հատորի մը մէջ։
Leave a Reply