ՊՈԼԻՍ.-Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած Թուրքիոյ վերաբերեալ «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին:
Նշեալ փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի դիւանագէտները տեղեկութիւններ հաղորդած են թրքական իշխանութիւններու կրօնական յենարան հանդիսացող Ֆեթհուլլահ Կիւլենի ազդեցութեան եւ գործունէութեան մասին: Անգարայի մօտ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրի յայտնած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը համարուի Կիւլենի հետեւորդներէն, իսկ վարչապետ Էրտողան ինքզինք հեռու կը պահէ Կիւլենէն:
«Ամերիկացի դիւանագէտները յայտնած են, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլենին Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութեան իրաւունք տալու համար, Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներէն աջակցութիւն պահանջած են: Արդարեւ, Պոլսոյ հայկական, յունական եւ հրէական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներէն պահանջած են Կիւլենի մասին երաշխաւորող նամակ մը գրել, սակայն Յունաց եւ Հայոց պատրիարքները մերժած են գրել այդ նամակը: Միայն Թուրքիոյ մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչը յստակ աջակցութիւն յայտնած է Կիւլենի», նշուած է «Թարաֆ»ի մէջ:
Նշենք, որ թրքական «Թարաֆ» թերթը յաջողած է երկար բանակցութիւններէ ետք, «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիր Ճիւլիըն Ասանճէն ստանալ Թուրքիոյ վերաբերեալ 11 հազար գաղտնի փաստաթուղթ: Պոլսահայ յայտնի լրագրողներ Մարգար Եսայեան ու Սեւան Նիշանեան եւս կը թղթակցին «Թարաֆ»ին, որ կը համարուի ցնցող լուրեր հրապարակող յայտնի պարբերական:
Leave a Reply