«1915ի արիւնը երբեք չի մոռցուիր»,- այսօր Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ թուրք գրող, Թուրքիոյ «Ենի Շաֆաք» թերթի քաղաքական մեկնաբան Ալի Պայրամօղլուն, որ կը մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան գիտակցման կառուցումը Թուրքիոյ մէջ» խորագրով միջազգային գիտաժողովին։
Չարտասանելով «ցեղասպանութիւն» բառը՝ թուրք գրողը նշեց, թէ կը ցանկանայ, որ Թուրքիան ճանչնայ զայն, եւ երկու երկիրներու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները վերականգնուին։ Ալի Պայրամօղլուն հաւատացած է, որ վաղ, թէ ուշ Թուրքիան պիտի ճանչնայ «1915ի իրադարձութիւնները»։
«Մեր կարծիքով՝ ամենակարեւորը այն է, որ հասարակութիւնը ինքը ազդէ քաղաքական գործընթացներուն վրայ: Հասարական ուժին պետք է հավատալ, եւ մենք այդ առումով կ՚առաջանանք»,- ըսաւ թուրք գրողը։
Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ մէջ 2008ին նախաձեռնուած «Ներման արշաւ»-ը տուաւ իր արդիւնքը՝ ցանկութիւն ունեցողներուն հնարաւորութիւն տալով ներողութիւն խնդրել հայերէն։
Ալի Պայրամօղլուն նաեւ նշեց, որ իր հայացքներուն համար Թուրքիոյ մէջ շատ կը հալածուի։
Tert.am
15.03.11
Leave a Reply