Արարատը Մարդկութեան Ծագման Խորհրդանիշն Է. Իտալացի Պատմագէտ

Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթին մէջ ներկայացուած է այս օրերուն Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան վանքին մէջ բացուած ցուցադրութեան մը մասին պատող նիւթ մը, որ կը վերաբերի իտալացի հետազօտող-պատմագէտի մը Նոյեան Տապանի 20 տարուան որոնումներուն։ Իտալացի պատմագէտը, ըստ յօդուածագիր Գոհար Յակոբեանի, ապահովական նկատառումներով (որպէսզի Թուրքիա մեկնելու պարագային խնդիրներ չունենայ) չէ ուզած նշել իր անունը։

Յօդուածագիրը կը պատմէ, թէ նշեալ պատմագէտը 20 տարի առաջ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացած է Արարատ լեռ, այնուհետեւ, տարիներ ետք, հայկական Եռագոյնը տեղադրած լերան գագաթին ու քրիստոնէական մտածողութեամբ՝ որոշած է զբաղիլ Նոյեան տապանի փնտռտուքով: Իտալացին նշած է, թէ այդ գծով յաջողութիւններու հասած է արդէն. Արարատի շուրջը (թրքական կողմէն) գտած է հայկական գիւղերու հետքեր՝ ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած հայերու կմախքներու վայրեր, ցանկագրած է գերեզմաններ: Ան լերան շրջակայքի քրտական գիւղերուն մէջ հանդիպած է ընտանիքներու, որոնք խոստովանած են, թէ հայկական արմատներ ունին:

Իտալացին ամէն անգամ Արարատի նոր խորհուրդ մը կը բացայայտէ. «Իսկ ընդհանրապէս լեռը ինծի համար մարդկութեան ծագման խորհուրդը կը ներկայացնէ՝ Աստուածաշնչեան պատմութեան կարեւորութիւնը եւ քրիստոնէութեան սկզբնաւորման պատմութիւնը՝ հայերու շնորհիւ: Մասիսը մարդկութեան սկզբնաւորութիւն տուաւ Ջրհեղեղէն ետք՝ այժմ իր ծոցին մէջ, ինչպէս մայրը իր արգանդին մէջ կը պահէ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ 200.000 հայ նահատակներու աճիւններ, որոնց մասին ոչ ոք դեռ չէ բարձրաձայնած»,- ընդգծած է ինքը՝ իտալացի հետազօտող-պատմագէտը:

Յակոբեանի տեղեկութիւններով՝ իտալացին Թուրքիա կը մտնէ իբրեւ զբօսաշրջիկ, սակայն կ՚այցելէ յատկապէս քրտաբնակ գիւղեր: Ան յայտնած է, թէ իւրաքանչիւր անգամ, երբ Թուրքիոյ մէջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ, խոչընդոտներու կը հանդիպի, յաճախակի խնդիրեր կ՚ունենայ, քանի մը անգամ հրաշքով փրկուած է թուրք զինուորներու եւ քիւրտ գրոհայիններու բախումներուն զոհ երթալէն: Իտալացին հիացմունքով կը պատմէ իր գտած խաչքարերուն՝ աղորիքներու եւ յատկապէս հնագոյն մենհիրներու մասին, զուգահեռներ անցնելով անոնց քարահունջեան տեսակներուն հետ: Ան կը վկայակոչէ այն գեղեցիկ աւանդապատումը, թէ Ջրհեղեղէն վերջ հնարաւոր է երկրագունդը փոխած ըլլայ իր առանցքը, ու Նոյի որդիները կարիք ունեցած են նման հաստատուն քարերու, որպէսզի մոլորակները դիտեն ու անոնց հիման վրայ կազմեն մարդկութեան օրացոյցը:

Ըստ յօդուածի հեղինակին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ իտալացի հնագէտ-լեռնագնացը կը պնդէ, որ Արարատի փէշերուն՝ 2200 մեթր բարձրութեան վրայ, գտած է Ցեղասպանութեան ժամանակ ոչընչացուած հայկական Գրեգոր կամ Գրիգոր աւանի ու անոր 1200 տարեկան եկեղեցւոյ հետքերը: Իր ամենացնցող գտածօն 4500 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուած կաղնիի փայտի կտորն է: Փորձաքննութեամբ որոշուած է, որ անիկա 5000 տարեկան է: Հնագոյն կաղնիի փայտէն իտալացին կտորներ նուիրած է հայկական հոգեւոր կեդրոններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարանին:

Վենետիկի մէջ բացուած իտալացիի՝ Նոյեան տապանի փայտի եւ Արարատի վրայ առնուած լուսանըկարներու ցուցահանդէսը պիտի ցուցադրուի քանի մը ամիս, այնուհետեւ անիկա պիտի ցուցադրուի նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։
Յակոբեան կը նշէ, թէ «հայկական սրտով իտալացին» նաեւ հրատարակած է եռահատոր գիրքեր՝ «Արարատ. Նոյեան տապանի հետքերով», «Խորհրդաւոր Հայաստան. Մասիսը, հայութեան մայրը», եւ «Տուտուկի քաղցրահունչ մեղեդին»: Անոր վերջին՝ «Տուտուկի քաղցրահունչ մեղեդին» գիրքին մէջ իտալացի պատմագէտը կը պատմէ հայկական ծագումով քիւրտերու հետ իր հանդիպումներուն մասին եւ անոնց պատմութիւնները: Գիրքերը յառաջիկային պիտի թարգմանուին ֆրանսերէնի, սպաներէնի եւ ռուսերէնի։

(Հետաքրքրուողները հեղինակի հետ կրնան կապուիլ endhanrakan.hrat@mashtoz.org հասցէով, ինչպէս նաեւ այցելել՝ www.noahsark.it):

12.03.11

 Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ