Երեք Հազար Լրագրող Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած են Թուրքիոյ Մէջ

Սթամպուլ եւ Անգարա քաղաքներու մէջ երեք հազար լրագրողներու մասնակցությամբ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն օրեր առաջ ձերբակալուած թուրք լրագրողներու։ Այս մասին կը տեղեկացնեն թրքական լրատուամիջոցները։

Ցուցարարները վանկարկած են «Ազատ մամուլը բոլորին անհրաժեշտ է» կարգախօսը, ապա սեւ ժապաւէնով կապած են իրենց բերանները եւ երթ կազմակերպած դէպի Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան շէնք։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 3ին Սթամպուլի եւ Անգարայի մէջ «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ իրականացուող հետաքննութեան շրջանակէն ներս՝ թուրք իրաւապահները ձերբակալած են տասը անձ, որոնց մեծ մասը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ են։ Ձերբակալուածներու շարքին է նաեւ Milliyet օրաթերթի հետաքննող–լրագրող Նետիմ Շեները, որ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպաննութեան վերաբերեալ երկու գիրք գրած է։

 05.03.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ