ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 Հայ գիրի գիւտարար Սուրբ.Մեսրոպ Մաշտոց, Սեւրբ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս  եւ մեր այլ Սուրբ Թագմանչաց՝ Վարդապետներու յիշատակին՝  24.06.2010 եւ 9.10.2010

Հայ Եկեղեցական ու մշակոյթային կեանքի մեծագոյն ու յատկանշանական տօններէն մին ալ Սուրբ Թարգմանչաց Վարդապետներու տօնն է, որու ընթացքին, հայ ժողովուրդը, իր մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչը ու Հայ գիրերու գիւտարար Ս.Մեսրոբ Մաշտոցի, Ս.Սահակի ու Թագմանիչ Վարդապետներու նկատմամբ իր երախտագիտական զգացումները յայտնելով, կը վերյիշէ անոնց անմոռանալի ու խնկելի յիշատակը:

Այս տօնը, որ հարազատ կապերով իրարու կը կապէ  Հայ Եկեղեցին, Հայ Մշակոյթը, Հայ Պետականութիւնը, նաեւ հայ ինքնութիւնը, Հայ Առաքելական եկեղեցին ամէն տարի Յունիս ու Հոկտեմբեր ամիսներուն ՙՍուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներ՚ խորիմաստ անունին տակ ամփոփելով, ընդահանուր Թարգմանիչ Վարդապետներու յիշատակը կը յիշէ ու իր հաւատարիմ ժողովուրդի հետ միասին կը վերանորոգէ իր ուխտը:

Մեսրոբ Մաշտոց, Եղիշէ, Մովսէս Քերթող (Խորենացի), Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ, Սուրբ Գիրիգոր Նարեկացի փիլիսոփայ, Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի սուրբ թարգմանչաց վարդապետներու յաւելեալ անհրաժեշտ է նաեւ չի մոռնալ ՙԵւ այլ Սուրբ Վարդապետներ՚ու յաւելումը, որոնցմէ կ՜արժէ յիշել Մեծն Մաշտոցի հովանաւորն ու աջակիցը՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը (5-րդ դար.), Մեսրոբի կենսագիր ու աշակերտ Կորիւն Վարդապետը ( 5-րդ դար), 5-րդ դարու իմաստասէր ու աստուածաբան Եզնիկ Կողբացի, 5-րդ դարու Հայոց պատմիչներ Փավուստոս Բեիզանդ ու Ղազար Փարպեցի, 7-րդ դարու գիտնական ու մաթեմաթիկոս Անանիա Շիրակացի, 8-րդ դարու աստուածաբան Յովնան Օձնեցի Կաթողիկոս, ապա վերջ Գրիգոր Տաթեւացի ու այլ ուրիշներ:

 301 թուականին, երբ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունեցինք, մեր սեփական գիրը չ՜ունէինք, յունարէն եւ կան ասորիներէն կը գրէինք ու կը կարդայինք, այս պատճառաւ ալ հայ ժողովուրդը շատ մեծ դժուարութիւններ ունէր Սուրբ Գիրքը կարդալ ու հասկնալու մէջ, հետեւաբար Քրիստոնէութիւնը լաւ ըմբռնելու մէջ: Հայ ժողովուրդը մէկ կողմէն կրօնական, միւս կողմէն ալ քաղաքական մեծ վտանգներու ու սպառնալիքնորու հետ դէմ յանդիման էր, գրէթէ բաժնուած էր Հռովմէական ու Պարսկական պետութիւննորու միջեւ, հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը ու նաեւ զրկուած էր իր մայրենի լեզուով իր կրօնքը հասկնալու կարողութիւնէն ու հնարաւորութիւնէն:

Հայ ժողովուրդի մէջ, Քրիստոնէութեան արմատաւորումը ու տարածումը միմիայն կրօնական հարց մը չէր, այլ նաեւ գոյատեւման ու քաղաքական հարց մըն էր, որ նպատակ ունէր ժողովուրդի ձուլման ու քայքայման վտանգին դէմ ըլլալ: Ահա այս մտահոգիչ պայմաններու ազդեցութիւներէ ներշնչուող Մեծն Մեսրոբ Մաշտոց կը յանգի այն եզրակացութեան, որ հարցին միակ լուծումն է Քրիստոնէութիւնը ամրապնդել ու տարածել Հայ աշխարհի մէջ, որուն համար պայման է Սուրբ Գիրքը հայացնել, ու միայն այս ձեւով է, որ Հայ ազգին միաբանութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կազմել, հետեւաբար՝ Հայ ազգի գոյատեւումը ապահովել:

Մեսրոբ Մաշտոց այս նպատակին իրագործման համար նախ՝ հայկական սեփական գիրերու գիւտը, ապա՝ Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութեան կարիքը կը զգար:

Հայկական տառերու գիւտէն վերջ Ս.Մեսրոբի, Ս.Սահակի եւ անոնց աշակերտներու գլխաւորութեամբ կատարուած աշխատանքներով հայ ժողովուրդի կեանքի մէջ զարթօնք մը սկսաւ, ուսումնական, քաղաքակլան, թարգմանական, ազգային, կրօնական  ասպարեզներու մէջ յեղաշրջումներ, յառաջադիմութիւներ ապրուեցաւ, Սուրբ Գիրքը, թարգմանիչ վարդապետներու կողմէ հայերենի թարգմանուեցաւ ու կոչուեցաւ Թագուհի Թարգմանութեանց:

Հայ ժողովուրդը, պատմութեան դաժան ելեւէջներէն անցնելով, ապրած է մեծ փորձանքներ, տառապամքներ, դժբախտութիւններ, ողբերգութրիւններ, տուած է շատ մեծ կորուստներ, սակայն տէր կանգնելով իր հաւատքի խորանին ու իմաստութեան տաճարին, դարեր շարունակ կրցած է վառ պահել իր գոյութիւնը՝ մնալով միշտ ուժեղ ու պինդ: Հայ ժողովուրդի հաւատքի խորանը, այսինքն՝ Եկեղեցին ու իմաստութեան տաճարը՝ հայ դպրոցը, հայուն համար եղած են իր գոյատեւման ու հայ ինքնութեան ամենագլխաւոր հիմնաքարերը, (իր պատսպարանը), հայուն երկու անբաժան ընկերները, որոնց շնորհիւ մինչեւ այսօր կ՜ապրինք որպէս հայ, կը գրենք ու կը կարդանք հայերէն:

Այս տարի 24 Յունիս 2010 եւ 9 Հոկտեմբեր 2010 թուականներուն հայ եկեղեցին ու ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, առանձնակի սիրով եւ հանդիսութեամբ կը տօնէ իր պատմութեան ընթացքին առանձնայատուկ դեր ու որոշադրիչ նշանակութիւն ունեցած անձերու խնկելի յիշատակ՝ զանոնք ամփոփելով Սուրբ Թարգմանիչներ խորմաստ անունին տակ:

Եթէ մեր աւանդական ու տօնական օրերը սկսին մեզի իմաստ մը չունենալ, այդ ատեն կ՜սկսինք թուլանալ ու քայքայուիլ.

Տօքթ.Սարգիս Ատամ.

Գերմանիա, Յունիս 2010

http://www.hyetert.com/yazi3.asp?s=0&Id=671&DilId=1

ID:671, 24.06.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2010
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ