ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՐԲԵՄՆԻ ԴԱՇՏԱՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՅՍՕՐ «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ԵԼԱԿԻ ՍԱՖԱՐԻ» ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ

«Զաման» թերթի մէջ հրատարակուած է «Այս ալ լեռնային ելակ որսալու սաֆարի է» խորագրեալ թղթակցութիւն մը, ուր կը պատմուի թէ Իզմիթի մերձակայ Մէնէքշէ դաշտավայրին մէջ լեռնային ելակ բուսած է ամէն կողմ, ու հոն կարելի է լեռնային ելակի որսորդութիւն ընել, ինչպէս Ափրիկէի մէջ կը կատարուի վայրի անասուններու սաֆարի: Ասոր համար պէտք է մէկ ժամ ճամբորդել Իսթանպուլէն Իզմիթ, ապա մէկ ժամ Իզմիթէն դէպի Եուվաճըք, հոնկէ ալ 45 վայրկեան դէպի Մէնէքշէ դաշտահարթակ:

Կազմակերպուած այս սաֆարին կը սկսի «Փափազ Եայլասը» կոչուած շրջանին մէջ: Թէ ինչու այսպէս կոչուած է այս վայրը, այդ է որ հետաքրքրական է մեզի համար: Յօդուածագիրը կը պատմէ, որ հոն հասնելէ վերջ, ելակ հաւաքել սկսելէ առաջ պատմութեան փոքրիկ դաս մը պիտի առնուի:

Սաֆարին կազմակերպողը պիտի պատմէ, որ այս դաշտը ատենին իսկապէս «Փափազի» (քահանայի-խմբ.) դաշտավայր է եղեր, որովհետեւ հոն հայեր կը բնակին եղեր: Եկեղեցիին հիմերը ու կարգ մը հայ մանուկներու գերեզմանները մինչեւ այսօր տեսանելի են: 1800-ական թուականներուն հայ հոգեւորականի առաջնորդութեան ներքեւ տօնակատարութիւններ կը կատարուին եղեր հոս:

Պատմութեան այս փոքրիկ դասը լսելէ վերջ է, որ այցելուները կը սկսին տարածուիլ դաշտերու մէջ, ուր անհաւատալի ուժգնութեամբ կը զգացուի ելակներու բուրմունքը:

Չէ ըսուած, բայց կ’երեւի թէ այս բուրումնաւէտ ելակներն ալ մնացած են հայերու հոն բնակած շրջաններէն:

http://www.normarmara.com/marmara.htm 22.06.2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2010
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ