Թուրքիայէն Արտաքսուած Է 6000 Հայաստանցի

ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ».- Թրքական «Հապեր» լրատուական միջոցի տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրման յանձնաժողովի՝ «Թուրքիոյ մէջ գտնուող փախստականներու, ապաստան հայցողներու եւ անօրինական գտնուողներու հարցերու ուսումնասիրման» համար գործող ենթայանձանաժողովի զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ միայն վերջին 3 տարիներուն, Թուրքիայէն արտաքսուած է 5 հազար 900 Հայաստանի քաղաքացի:

Ըստ նոյն զեկոյցին, արտաքսելու քայլին դիմելու Թուրքիոյ պատճառներէն մէկը այն է, որ Հայաստանէն մեկնած կանայք յատկապէս կը զբաղին մարմնավաճառութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք, 2007 եւ 2008ին, ձերբակալուած եւ արտաքսուած Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը կազմած է 1253:

Սակայն, Հայաստանի տարածքային կառավարման գաղթականական հարցերով զբաղող գործակալութեան ղեկավարի տեղակալ Իրինա Դաւթեան հերքած է այս տեղեկութիւնը: Ըստ Դաւթեանի, վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, աշխատելու նպատակով Թուրքիա մեկնած է ընդամէնը շուրջ 5000 հայ, որոնք որոշ ժամանակ ետք վերադարձած են Հայաստան: «Յայտարարելով 70,000 անօրինական ներգաղթեալ հայերի մասին՝ Թուրքիայի վարչապետն ուռճացրել է թուերը», ըսած է Դաւթեան:

http://asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2010
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ