ԱՄՆի Հրեաները Կը Մերժեն Թուրք Պատուիրակներուն Հետ Հանդիպիլ

 ՊՈԼԻՍ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական մեծագոյն կազմակերպութիւնները հրաժարած են հանդիպելէ Ուաշինկթըն գտնուող Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ։

Թրքական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը՝ կը հաղորդեն, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական կազմակերպութիւններէն՝ Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինքը (ADL), Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ հասարակական յարաբերութիւններու կոմիտէն եւ «Պընայ Պըրիթ Ինթըրնաշընըլ» կազմակերպութիւնը մերժած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիքի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան հետ հանդիպման առաջարկը։

Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինքի ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսման, ընդգծելով, որ թրքական պատուիրակութեան հետ հանդիպումը ապարդիւն պիտի ըլլայ՝ յայտարարած է. «Ես կը հաւատամ երկխօսութեան։ Սակայն հասած ենք այն կէտին, ուր խօսիլը այլեւս որեւէ արդիւնք պիտի չտայ»։ 

Թրքական պատուիրակութիւնը Ուաշինկթըն կը գտնուի, թուրք-իսրայէլեան լարուածութեան առնչութեամբ՝ Անգարայի դիրքորոշումը ներկայացնելու նպատակով։

http://asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2010
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ