«Ակօս» Թերթը «Վանդակ» Ծրագրի Դատավարութեան Կողմ Կը Դառնայ

ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ» – Պոլսոյ «Ակօս» թերթի դիմումը ընդունուեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 15ին սկսած «Վանդակ» ծրագրի պատասխանատուներու դատավարութեան ատեանին՝ երեք դատաւորներէն երկուքին կողմէ:

Երեքշաբթի օրուան դատավարութեան ընթացքին ցոյց կատարող կին մը բարձրացուցած է գրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. ՙՏինքը սպաննողը ՙԷրկենեքոն՚-ի խմբակն է՚:

Դատարանը լսեց «Ակօս»ի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթինի այն բացատրութիւնը, թէ նկատի ունենալով, որ ծրագրի թիրախներէն մէկը Հրանդ Տինքի հիմնած թերթն ու անոր ընթերցողներն էին, ապա դիմումը պէտք է ընդունուի:
Ատեանը միաժամանակ մերժեց ամբաստանեալներու փաստաբանին այն դիմումը, թէ՝ դատավարութիւնը պէտք է շարունակուի զինուորական ատեանի մը մէջ, նկատի ունենալով, որ ամբաստանեալները զինուորական հրամանատարներ են:
Յիշեցնենք, թէ Ապրիլ 2009-ին բացայայտուած «Վանդակ» ծրագրին նպատակն էր՝ փոքրամասնութիւններու դէմ ահաբեկչական արարքներ իրականացնել, որպէսզի վախի մթնոլորտ մը ստեղծուի եւ անոր պատասխանատուն կառավարութիւնը նկատուի: Անոր վերջնական նպատակն էր իսլամական արմատներ ունեցող ներկայ կառավարութիւնը տապալել:

Ծրագրին մեղսակիցները մօտիկ կապեր ունէին ահաբեկչական «Էրկենեքոն» կազմակերպութեան ամբաստանեալներուն հետ։
Երեքշաբթի օր դատարան ներկայացան 33 ամբաստանեալներ, որոնց կարգին կը գտնուին ծովակալներ Քատիր Սաղտըչ եւ Ահմետ Ֆէյազ Էօղիւտճիւ։

http://asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2010
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ