Ինչպէս յայտնի է, 19 Սեպտեմբեր 2010, Կիրակի, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ պատմական Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս ուխտագնացութեան առթիւ արդէն զբօսաշրջական ընկերութիւններ ամբողջացուցած են իրենց պատրաստութիւնները եւ կը կատարեն ուխտաւորներու արձանագրութիւնները։ Իսկ, անոնք, որոնք արտասահմանէն կը փափաքին ուխտագնացութեան մասնակցիլ դէպի Աղթամար, անոնք եւս ձեռնարկած են գործի։ Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն՝ ուխտագնացութեանց կազմակերպիչներ կամ անհատներ, արդէն մամուլի միջոցաւ տեղեակ պահուած էին, թէ պարտին իրենց անունները արձանագրել տալ Պատրիարքարան, որպէսզի 19 Սեպտեմբեր 2010, Կիրակի Կղզի ելլելու դժուարութիւն չունենան։
Ուխտագնացութեան անթերի կազմակերպութեան համար 7 Յունիս 2010, Երկուշաբթի Վան մեկնեցաւ պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Աթոռոյս միաբաններէն Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Վարդուհի Էրկիւնէշ, Սարգիս Չավուշեան եւ Կարպիս Չափքան, որոնք մօտէն քննեցին թէ քաղաքի եւ թէ Կղզիի վրայ ընթացող աշխատանքները։
Պատուիրակութիւնը կուսակալի օգնականին եւ այլ պաշտօնական անձերու հետ տեսակցութիւններ ունեցաւ։ Խումբի անդամները այցելեցին նաեւ Կղզի եւ կատարեցին քննարկումներ օրուան արարողութեան մասին ու տեսան թէ պաշտօնական մարմիններ կը տանին բծախնդիր աշխատանք եւ պատրաստ են ամէն տեսակի դիւրութիւն ընծայել։
Անգամ մը եւս յայտնի դարձաւ, որ Կղզիի վրայ կատարելի արարողութեան ընթացքին այցելուներու Եկեղեցի մուտքը կարելի պիտի չըլլայ, ինչ որ յառաջ կու գայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ տարածութենէն։ Որպէսզի ժողովուրդը կարենայ հաղորդ դառնալ Ս. Պատարագին, որոշուեցաւ պաստառներ տեղադրել եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ ու տեսասփռել հանդիսութիւնը։
Խումբը քննեց նաեւ այն մարզադաշտը, ուր կը ծրագրուի իրականացնել նոյն երեկոյեան հանդիսութեան աշխարհիկ մասը, որ պիտի բաղկանայ պարի եւ երգի ներկայացումներէ։
Պատուիրակութիւնը, շփումները աւարտելէ յետոյ, 8 Յունիս 2010, Երեքշաբթի երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։
http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003334&Lang=HAY
Leave a Reply