Էրտողան Դարձեալ Դժգոհ Է Սփիւռքէն

ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Յունիս 1ին, իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նիստին ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Իսրայէլը, Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերու դէմ յարձակումին պատճառով։

Թրքական «Զաման» օրաթերթը Չորեքշաբթի օր կը հաղորդէ, որ իր երկարաշունչ ճառին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը խօսած է նաեւ քանի մը օր առաջ Լատին Ամերիկեան երկիրներ կատարած իր այցելութեան մասին՝ յիշեցնելով Արժանթին իր այցելութիւնը չեղեալ յայտարարելուն պատճառները։

«Ինչպէս, որ մենք կը կարեւորենք իւրաքանչիւր երկիրի արժէքները եւ հանդուրժողաբար կը մօտենանք անոնց, իւրաքանչիւր երկիր պէտք է նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերէ մեր արժէքներուն։ Բնականաբար, օգտակար կը համարեմ անգամ մը եւս յիշեցնել, թէ հայկական Սփիւռքի նման գործողութիւնները, յստակ կ՛ըսեմ, որեւէ օգուտ չեն կրնար բերել ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ հայ ժողովուրդին, ո՛չ ալ երրորդ երկիրներուն։ Ընդհակառակը, անոնք վնաս կը պատճառեն։ Սփիւռքի գործողութիւնները, որքա՛ն դժուար կացութեան մէջ կը դնեն Հայաստանը, այնքա՛ն ալ անպատասխանատու ձեւով դժուար վիճակի մէջ կը դնեն երրորդ երկիրները, ինչպէս եղաւ Արժանթինի պարագան։ Բոլոր անոնք, որոնք յանուն ներքաղաքական շահերու անձնատուր կ՛ըլլան հայկական Սփիւռքին եւ կը դառնան անոր գերին, յոյսով եմ շուտով կը տեսնեն, թէ որքա՛ն վնաս կը պատճառեն ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ իրենց երկիրներուն», յայտարարած է ուրիշներով «մտահոգ» Էրտողանը։

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան լատինամերիկեան շրջագայութեան ծիրին մէջ չեղեալ յայտարարած էր Մայիս 30-31ին Արժանթին նախատեսուած իր այցելութիւնը, որովհետեւ արժանթինահայ համայնքի ջանքերով, Պուենոս Այրեսի իշխանութիւնները չեղեալ համարած էին քաղաքին մէջ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կիսանդրին տեղադրելու որոշումը։

asbarez.com/arm/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2010
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ