ՆԻՒԹ. ՀԱՅՈՑ ՍՓԻՒՌՔԻ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲԸ
ՙԱշիրաթ Արման ալ Շաթաթ՚
Նախապէս` Հայոց Իսլամական Ցեղախումբ
ՙԱշիրաթ Արման ալ Մուսլիմա՚
Սուրիոյ Ճեզիրէ (Հասաքէ) նահանգին մէջ
ՃՕՐՃ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ Էմինային հետ
Ա. ՄՈՒՏՔ. Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Իրաքի սահմաններուն վրայ, շատ ընդարձակ նահանգ մըն է: Նահանգը կը կոչուի Ճեզիրէ (կղզի) անոր համար, որ կը գտնուի երկու գետերու` Եփրատ եւ Տիգրիս, միջեւ: Վարչական կեդրոնն է Հասաքէ կամ Հասիչէ, իսկ տնտեսական կեդրոնը նահանգին` Գամիշլին է: Այս քաղաքին դիմաց` թրքական սահմանին վրայ, պատմական Մծբին (Նուսէյպին) քաղաքն է: (Մծբինը եղած է Մեծն Տիգրանի եղբօր` Գոռ իշխանի զինուորական եւ վարչական նստավարը): Նահանգին մէջ ունինք կազմակերպուած գաղութ, յատկապէս Գամիշլիի մէջ, ուր կան Հայ առաք. եւ Հայ կաթ. եկեղեցիներ եւ դպրոցներ: Կան առաջնորդարան, միութիւններ եւլն.: Այդ կազմակերպ գաղութէն զատ՝ կան նաեւ մեծաթիւ հայորդիներ, արաբացած կամ քրտացած: Լուսանցքի վրայ ապրող հաւաքականութիւններ են ասոնք: Բնականաբար սերունդներն են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կորսուած հայկակներու: Ես կրցայ հանդիպիլ մինչեւ 4-րդ սերունդի անդամներու: Այս մարդոց մէկ մասը իրենք զիրենք կազմակերպած են առանձին ցեղախումբի (աշիրեթ) մէջ: Իրենք զիրենք հայ կը զգան՝ հակառակ անոր, որ թէ լեզուով եւ թէ կրօնով տարբե՛ր են:
Բ. Հիմնադրութիւն. ՙՀայոց իսլամական ցեղախումբ՚-ը (Ներկայիս` Հայոց սփիւռքի ցեղախումբ) կազմուած է յատուկ ժողովի մը ընթացքին՝ 1998-ի փետ. 2-ին: Կազմած են յատուկ կանոնագրութիւն: Առանձին ներկայացուցիչներ նշանակուած են տարբեր քաղաքներու կամ բնակավայրերու մէջ, ինչպէս Ռաս ուլ Այն, Ամուտա, Զարկան եւ Տրպէսիէ: Սոյն ժողովին կազմուած է, վիճակագրութիւն կատարելու կոչուած, եռանդամ յանձնախում:
Առաջին ցեղապետը, կամ աշիրաթապետը, եղած է շէյխ Էլի Յովակիմեան անունով անհատ մը: Այս գծով տեղեակ պահուած է սուրիական պետութիւնը: Ցարդ շէյխ Էլի կը մնայ ցեղախումբին աշիրաթապետը:
Այս աշխատանքներուն կարեւոր նախաձեռնողներէն մին եղած է Մոհամէտ Իպրահիմ Մահմուտ (Միհրան Յովհ.ի Հեքիմեան): Յովհ. Հեքիմեան մշեցի եղած է` Կեղեցի գիւղէն:
Գ. Նպատակ. Տրուած ըլլալով, որ շրջանին մէջ տիրապետող է ցեղախմբային դրութիւնը, ուր ցեղախումբը տէր կը կանգնի իր անդամներուն իրաւունքներուն եւ պաշտպանութիւն կը շնորհէ անոնց, քրտացած կամ արաբացած հայերն ալ, իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար, կազմած են այս ցեղախումբը:
Դ. Թիւ. Ըստ Ռաս ուլ Այն իմ հանդիպած անհատներու, օրինակ` շէյխ Էլիի, Միհրան Յովհ. Հեքիմեան կամ Մոհամէտ Իպրահիմ Մահմուտ եւ փաստ. Ապտէլ Ռահման Մահամիտ (որդին Եղիա Սիսոյեանի)՝ այս ցեղախումբի անդամներուն թիւը կը հասնի 25,000¬ի: Երկու կարեւոր խմբակցութիւններ կան. արաբախօսներ, որոնք ուղղակի պետեւիական նկարագիր ունին: Իսկ երկրորդը` քրտական, որոնք քրտախօս են: Բոլորն ալ կը դաւանին իսլամութիւնը (սիւննի): Այս երկու խմբակցութիւնները իրարու հետ մրցակցութեան մէջ են որոշ չափով:
Ցեղախումբին չանդամակցած այսպիսի, ՙքրտահայ՚ կամ ՙպետեւիահայ՚ անհատներ կամ խմբակցութիւններ եւս կան, որոնց թիւին մասին յստակ պատկեր մը չկայ: Օրինակ՝ երբ հարց տուի Գամիշլիի բնակիչ Ապտալլահ Մուսթաüայի՝ որդին Նազարէթ Չօրպաճանի, որ եթէ անդամ է այդ ցեղախումբին, ենթական յայտնեց, որ լուր իսկ չունի այդ ցեղախումբէն…
Ե. Վիճակագրութիւն. Պր. Միհրանի մօտ կան ցանկեր, տախտակներ: Մարդահամար կատարած են: Տախտակներուն վրայ արձանագրուած են ընտանիքին մականունը, մեծաւորին անունը, ընտանիքի անդամներուն թիւը, բնակավայրը, պետական արձանագրութեան թիւը` սըճըլ, եւ մեծաւորին ստորագրութիւնը:
Զ. Դաւանանաք. Ինչպէս ըսուեցաւ, այս հայորդիները կը դաւանին իսլամութիւնը. սիւննի են: Սակայն ոմանք կը դիմեն Գամիշլիի առաջնորդարան եւ կը մկրտուին: Ամալ Մահմուտի (Միհրանի դուստրը) մկրտութեան վկայականին վրայ հետաքրքրական է. արաբ. եւ օտար լեզուով կը յիշուի իսլամական անուն¬մականունը, մինչ հայկական բաժնին վրայ արձանագրուած է հայկական մականունը:
Միհրանի 5 որդիներէն մին ( Իպրահիմ) արդէն իսկ հաստատուած է Հոլանտա եւ դաւանափոխ ըլլալով` դարձած է քրիստոնեայ: Ատոր որպէս հետեւանք՝ չի համարձակիր իր ծննդվայրը վերադառնալ…Ասոր երկու որդինեը կը կոչուին Տարօն եւ Սեւակ:
Աշիրեթին անդամները, նոյնիսկ եթէ ուզեն դաւանափոխ ըլլալ, չեն համարձակիր, հասկնալի պատճառներով:
Է. Անունի հարց. Ոմանք կը կրեն զոյգ անուն` հայկական եւ իսլամական: Հետաքրքրական էր պարագան Միհրանի թոռնուհիներուն: Միհրան Հեքիմեանի (Մոհամէտ Մահմուտ) Էմիր անունով որդւոյն չորս աղջիկները կը կրեն հետեւեալ անունները` Նանոր, Նայրի, Արմինէ եւ Մենար: Այս մանուկները կամ պարմանուհիները բնականաբար կը մեծնան որպէս քիւրտ: Վաղը ի՞նչ պիտի սպասէ այդքան գեղեցիկ անուններով ՙհայաքրտուհի՚ներուն…
Ը. Ամուսնութեան հարց. Ցեղախումբի գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է ամուսնութեան հարցը: Կը քաջալերուի ամուսնութիւնները սահմանափակել ցեղախումբի անդամներուն միջեւ: Խառն ամուսնութիւնները չեն քաջալերուիր: Եթէ այլ ցեղախումբէն աղջիկ պիտի առնուի կամ տրուի, հարկ է յատուկ արտօնութիւն ապահովել Հայկական իսլամական ցեղապետ շէյխէն: Մշակուած կանոնագրութեան մէջ քանի մը յօդուածներ յատկացուած են այս էական նիւթին: Օրինակ՝ ճշդուած է հարսնցուին վճարելի գումար` 150,000 Ս.Ո:
Թ. Նիւթական միջոցներ. 15-70 տարեկան իւրաքանչիւր արու հարկ է որ անդամավճար կատարէ: Այդ գումարով կը հոգացուին թէ հաւաքական եւ թէ անհատ անդամներու հարցերը լուծելու համար:
Ժ. Յանցագործութիւններ. Աշիերթը թիկունք չի կանգնիր այն անդամին, որ կրնայ պետութեան անվտանգութեան վնաս հասցնել, գողութիւն ընել, ուրիշին անպատուել, ուրիշի գոյքերուն վնաս հասցնել եւլն.:
ԺԱ. Քաղաքական. Ցեղախումբի կանոնագրութեան մէջ շատ յստակ կերպով յիշուած է, որ Հայոց սփիւռքի (իսլամական) ցեղախումբը թիկունք կը կանգնի Սուրիոյ Հանրապետութեան իշխանութեանց: Նաեւ հեռու կը մնայ քրտական քաղաքական-անջատողական շարժումներէ…
Կարգ մը առանձնայատուկ պարագաներ.
Հարկ կը տեսնեմ անհատներու մասին, որոնց հանդիպեցայ, կարգ մը նշումներ կատարել՝ պարզապէս պատկերը աւելի ցայտուն դարձնելու համար:
ա. Իրաքի սահմանին բաւական մօտիկ գիւղի մը մէջ հանդիպեցայ մօրը կողմէ հայ` Հիւսէյն Խալիլ անունով 70-ամեայ մարդու մը: Ասոր մօր անունը եղած է Հայաստան: Իրաք ուղղուող մօրը կողմէ ձգուած է քրտական գիւղին մէջ, պարզապէս աղջնակին՝ Հայաստանի կեանքը փրկելու համար: 13 տարեկանին աղջնակը ամուսնացուցած են քիւրտի մը հետ: Իր կեանքին մէջ, որպէս առաւելագոյն դառնութեան արտայատութիւն, Հայաստան իր մօրը անունը բնա՜ւ բերանը առած չէ: Հիւսէյն իր մեծ մօր անունը չէ՜ր գիտեր:
բ. Նազարէթ Շորպաճեանի զաւակները. Գամիշլի քաղաքին մէջ կ՜ապրին թոմարզացի Նազարէթի որդիները: Մէկը՝ Ապտալլահ Մուսթաֆա, կը պահէ իր հօրմէն մնացած կօշիկի խանութը: Միւս տղան քրտական հեռատեսիլի կատակերգակ դերասան է. ասոր զուտ քրտուհի կինը ֆիլմարտադրիչ եւ հեղինակ է: Երկու եղբայրներն ալ կը պնդեն, որ իրենց երակներուն մէջ հայկական արիւն կը հոսի…
Ի միջի այլոց, Ապտալլահ ունի երկորեակ երկու տղաք: Ասոնք կը կրեն զոյգ անուն` Ահմէտ-Կարօ եւ Մոհամէտ-Սագօ: Հայկական անուններ տուած է ասոնց, իր հօր` Նազարէթի պահանջին վրայ:
Այս երկորեակներէն մին՝ Սագոն, երբ բարեկամութիւն հաստատած է քիւրտ երիտասարդի մը հետ, որ մօտիկ կապեր ունեցած է քրտական անջատողական կազմակերպութեան մը հետ, գաղտնի ոստիկաններ զգուշացուացծ են զինք` Սագոյին, որ ինք հայ է, եւ թէ պէտք չէ կապ ունենայ այդ շարժումին հետ…
գ. Մշեցի Յովհաննէս Հեքիմեանի որդի Միհրան կամ Մոհամէտ Իպրահիմ Մահմուտ… Ռաս ուլ Այնի մէջ կ’ապրի. ունի հինգ տղաք եւ հինգ աղջիկներ: 7 տարեկանին կորսնցուցած է իր մէկ թեւը: Եղած է խարատագործ (թոռնոճի): Տան պատերը զարդարուած են հայկական եռագոյն դրօշով, Լիզպոնի 5 տղոց նկարով, Մեծն Տիգրանի պղնձեայ հարթաքանդակով եւ այլն: Նիստ ու կացով քիւրտ է ընտանիքը: Բայց կը շեշտէ Միհրան, որ ինք եւ իր ընտանիքի անդամները հայ են, թէկուզ եւ իսլամ ըլլան:
Միհրանի կնոջ` Էմինայի հայրը եւս մշեցի եղած է, Եղիա Սիսոյեան: Քրտական անունն է Մոհամէտ Իսա Մահամիտ. մահացած է 2008-ին:
Էմինա, հակառակ լաչակ կրելուն, անկաշկանդ կերպով մօտեցաւ, ձեռնուեցաւ եւ խօսեցաւ մեր հետ: Պատմեց իր հօր մասին:
Այս կնոջ եղբարը՝ Ապտել Ռահման Մոհամէտ Իսա Մահամիտ, փաստաբան է: Ըստ իրեն՝ ցեղախումբի անդամ փաստաբանները որոշ միութիւն մը ունին:
Միհրանի Էմիր որդւոյն բջիջային հեռաձայնին վրայ արձանագրուած պատկերները վայել են մի միայն ծայրահեղական հայոց…Սա ուզած է հայերէն սորվիլ. Պէյրութէն զրուցատրութեան գիրք բերած է: Առանց օգնականի տեղ չէ հասած:
Միհրանի տան մէջ հանդիպեցանք Արամ Քեքլիկեան-Սալման էլ Տրպոյի թոռնուհիին: (Սալման իմ ՙՑկեանս Նահատակութիւն՚ հատորին առաջին հերոսն է: Իր եւ մօրը՝ Երանուհիի նկարը կը զարդարեն գիրքին կողքը): Երբ աղջկան Ցկեանս նահատակութիւն գործէս արաբերէն օրինակ մը տուի, ենթական զարմացաւ: Յատնեց, որ իր տոհմի մէն մի անդամի տան մէջ գիրքիս կողքին նկարը կախուած է: Սա եւս լաչակաւոր է, բայց հետերնիս ձեռնուեցաւ եւ անկաշկանդ կերպով խօսեցաւ:
դ. Մովսէս Աբրահամի Թիրաքեան. եղած է ուրֆացի շատ ականաւոր ընտանիքի զաւակ: Մեծ հայրը՝ Գարեգին, եղած է դեղագործ եւ չափազանց հեղինակաւոր դէմք: Մովսէս մահացած է 94 տարեկանին: Չորս անգամ ամուսնացած է եւ ունեցած` 10 զաւակներ: Հոգ տարած է, որ զաւակները ուսում ստանան եւ դիրքի հասնին:
Հանդիպեցանք ասոր Մոհամէտ որդւոյն, Գամիշլիի մէջ: Մոհամէտ ունի փուռ մը եւ ատոր կպած` գրախանութ: Գրախանութի պատէն կախուած էր հայկական 2009¬ի օրացոյց մը, որուն վրայ պատկերուած է այսօրուան Բալուն…
Խիստ յուզիչ եղաւ մեր հանդիպումը Մովսէսի դստեր` Սաատիէի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հասաքէ՝ Ճըրճի Զէքի Ճըրճոսի տան մէջ: Զէքին արաբացած քրիստոնեայ հայորդի մըն է, Սիսէն: Ճօրճ Ճըրճոս Պէյրութի Արամ Չօլագեանի Երջանիկ (Զեքի) եղբօր զաւակն է: (Արամ մահացաւ անցեալ շաբաթ, 100 տարեկան հասակին): Այդ պահուն քանի մը տեսակ հայեր կային հիւրասրահին մէջ. տիկինս ու ես՝ ՙզտարիւն՚ հայ, մեզ հոն տարած մեր շուէտացի-հայ, Թոմ անունով փեսան եւ կինը` Անի Չէլէպեան, Ճօրճ Ճըրճոս եւ իր եղբայրը եւ տիկինը: Այս հայերոււն վրայ աւելցաւ Սաատիէ՝ Մովսէս Թիրաքեանի 60-ամեայ դուստրը:
Սաատիէ, հակառակ լաչակ կրելուն, բոլորիս մէկ առ մէկ սեղմեց կուրծքին եւ յայտարարեց. ՙՄենք բոլորս ազգական ենք, հարազատներ ենք՚: Պաշտամունք ունի հօր հանդէպ: Կեսուրն ալ հայուհի է: Գրաւոր խօսք մը պատրաստած է Ապրիլ 24-ի տօնակատարութեան մը առիթով կարդալու համար. առիթ չէ տրուած իրեն: Մեզի կարդաց այդ խօսքը: Մանաւանդ շատ յուզիչ է հօրը ուղղուած պարբերութիւնը:
Մեր հանդիպած քրտահայերը մեծապէս ուրախացան, որովհետեւ իրենցմով հետաքրքրուող եղաւ: Ըստ Միհրան-Մահմուտի՝ ցեղախումբի հիմնադրութեան օրերուն դիմած են թէ Ազգ. առաջնորդարան եւ թէ Հայաստանի դեսպանին: Արդիւնք չեն ստացած:
Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ԿԱՄ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ.
Այսքան մեծ թիւով ցեղախումբ մը, որ իր մէջ որոշ զգացում մը կը սնուցանէ որպէս հայ, պէտք չէ երեսի վրայ ձգել: Անշուշտ, պէտք է նկատի առենլ առարկայական որոշ տուեալներ եւ ըստ այնմ` շատ զգուշութեամբ շարժիլ: Ցարդ իրենց կապը հայութեան հետ զգացական է, բայց եւ այնպէս զօրաւոր է:
Պէտք չէ ՙմիսոնարական՚ աշխատանքի ձեռնարկել եւ փորձել զիրենք քրիստոնէացնել: Վտանգաւոր կ’ըլլայ այդպիսի քայլ մը: Թերեւս պէտք է հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ Իսլամ Հայն ալ ՀԱ՛Յ Է…
Առաջին հերթին հարկ է այս մարդոց մէջ պրպտում կատարել, արխիւ պատրաստել: Հարկ է վաւերագրական ժապաւէն(ներ) պատրաստել:
Կարելի է Հայոց լեզու եւ պատմութիւն սորվեցնել ասոնց, նոր սերունդին մանաւանդ:
Ըստ իմ ստացած տեղեկութեանց` 78 քրտահայեր Հայաստան փոխադրուած եւ հոն հաստատուած են:
Ըստ շէյխ Էլի Յովակմեանի՝ փորձ կատարուած է որոշ թիւով քրտահայեր Հայաստան փոխադրել, Արարատեան դաշտ: Հոն ասոնք կրնային ցորենի արտադրութեան զարկ տալ եւ, նոյնիսկ, ցորենի մարզին մէջ Հայաստանը ինքնաբաւ դարձնել: Այդ շարժումը չէ յաջողած:
Սերտել հարկ է այդպիսի քայլ մը եւ, թէկուզ եւ սահմանափակ տարողութեամբ, քրտացած հայորդիներու հայրենադարձութիւն կատարել: Անշուշտ այդպիսի քայլ մը շատ, շա՜տ լաւ սերտուած ըլլալու է:
Վերջաբան. Ես ինչ որ կատարեցի, շատ սահմանափակ բան էր: Ընդամէնը 3-4 օրուան մէջ գտայ՝ ինչ որ գտայ: Հայաստանի պետական կամ սփիւռքի քաղաքական եւ կրօնական պատասխանատուներ հարկ է որ սերտուած քայլերու դիմեն՝ այս մեծ հաւաքականութիւնը, վերջ ի վերջոյ, հայութեան փարախը առաջնորդելու համար, առանց շուտիկութեան կամ պոռոտախօսութեան…
Ըստ երեւոյթին կարելի պիտի ըլլայ, ՙՑկեանս Նահատակութիւն՚ հատորիս հետեւողութեամբ, նոր հատոր մը հրատարակել այս աշիրեթին եւ այլ քրտացած կամ արաբացած հայորդիներու մասին: Բայց որքա՛ն մեծ է թիւը այս մարդոց: Հարկ է կազմակերպուած աշխատանք տանիլ՝ այսպիսիները լոյս աշխարհ բերելու համար: Ցաւ ի սիրտ, մինչեւ չորրորդ սերունդ, օսմանցիներուն մեր վրայ կիրարկած ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ տակաւին կը շարունակուի: Այդ քրտահայերը կամ պետեւիահայերը կը շարունակեն կրել, եւ պիտի կրեն, այդ նահատակութեան հետեւանքները, այնքան ատեն որ ՀԱՅՈՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ վառ կը մնայ իրենց մէջ…
Զիս կը չարչրկէ հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ ճակատագիր կամ ապագայ կը սպասէ մշեցի Յովհաննէս Հեքիմեանի ծոռնուհիներ, Էմիր Մահմուտի չորս աղջնակներուն, որոնք կը կրեն Նանոր, Նայրի, Արմինէ եւ Մենար այնքա՛ն սիրուն եւ հայկական անուններ…
30 Նոյ. 2009
ՃՕՐՃ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Leave a Reply