ՙ1915-ի ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՃԱԿԱՏԸ ԲԱՑ Է՚ Կ՛ԸՍԷ ՉԻՉԵՔ

ՙԶաման՚ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, Նիւ Եորքին մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիան իր անցեալին հետ հաշուի նստելու կարիք չունի:

ՙՄեր ճակատը բաց է, գլուխը՝ բարձր: Ով ինչ կ’ ուզէ, թող ըսէ: Վերջ ի վերջոյ պատմութիւնը պիտի հաստատէ ատիկա: Մենք պատմութեան հաշիւ տալու ոչ մէկ բան ունինք՚, յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը մթագնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Ճեմիլ Չիչեք Նիւ Եորք կը գտնուէր՝ մասնակցելու համար Թուրք-ամերիկեան միութիւններու կազմակերպած ՙՄիացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ օր՚ փառատօնին եւ ատոր ծիրին մէջ 29 տարիէ ի վեր կազմակերպուող քայլարշաւին:

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=35637

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2010
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ