Դանիէլ Վարուժանի Յուշադամբան՝ Պոլսոյ Մէջ

Շաբաթ, Մայիս 22ի յետմիջօրէն, Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մէջ խումբ մը ազգայիններու նախաձեռնութեամբ ու Շիշլիի քաղաքապետութեան օժանդակութեամբ, պիտի կատարուի հայ բանաստեղծութեան իշխան Դանիէլ Վարուժանի խորհրդանշական շիրիմին բացումը։
Տաղանդաւոր բանաստեղծը, բազմաթիւ նահատակ գրագէտներու կողքին, զոհ գացած էր Հայկական Ցեղասպանութեան, ու մէկն էր անոնցմէ, որոնք գերեզման չունեցան։
Այն որ պիտի բացուի Շաբաթ օր Շիշլիի մէջ, պիտի ամբողջացնէ պակասը ու պիտի դառնայ խորհրդանշական դամբարան այն բանաստեղծին համար, որ երգեց «Ցեղին սիրտն» ու «Հացին երգը»։

http://asbarez.com/arm/78012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2010
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ