Պատրիարքական Աթոռը 7 Մայիս 2010ին մերազն ժողովուրդին ծանուցած էր, թէ Աղթամարի պատմական Ս. Խաչ Տաճարին մէջ Խաչվերացի տաղաւարին պիտի կատարուէր ուխտագնացութիւն եւ պիտի մատուցուէր Ս. Պատարագ։
Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը հանրաքուէարկութիւն պիտի կատարուի Թուրքիոյ մէջ, ուխտագնացութիւնը յետաձգուեցաւ 19 Սեպտեմբեր 2010, Կիրակիին։
Այսու կը յիշեցնենք մերազն ժողովուրդի անդամներէն անոնց, որոնք կը փափաքին ուխտագնացութեան մասնակցիլ եւ կամ արդէն արձանագրուած են ծրագրի մը, հաճին իրենց անունները արձանագրել տալ նաեւ Տիկին Վարդուհի Էրկիւնէշի։ Նոյնպէս ուխտագնացութիւն կազմակերպող տեղական եւ արտասահմանեան ճանապարհորդութեան ընկերութիւններ եւս կը հրաւիրուին իրենց ընկերութեան անուններու առընթեր, տեղեկացնել նաեւ մասնակցողներու անունները։
Վարդուհի Էրկիւնէշի հետ կրնանք կապ հաստատել (0532) 244-0666 թիւ հեռախօսէն կամ vartusko2205@hotmail.com հասցէէն։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Leave a Reply