
Իւրայատուկ եւ վիթխարի գործ մըն է մեծ խնամքով պատրաստուած Մարտիրոս Խրանեանի քարտէսը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը նկարագրէ Արեւմտահայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը, գետակներն ու լճակները։ 1922-ին ձեռքով գծուած այս գործը իսկական գանձ մըն է եւ դեռ աւելի՛ն փաստ մը, որ այդ տարածաշրջանին բնակիչները մենք՝ հայորդիներն ենք։ Խրանեան ծնած է Վան։ Ան դասաւանդած է Վարագավանքէն ներս։ Քարտէսներու…