
Համադրեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Ցեղասպանութեան որբերը». այսպէս վերնագրած է պատմաբան-ցեղասպանութեան անխոնջ հետազօտող, «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախափուլ եւ հետեւանքները» մատենաշարի եւ այլ հատորներու հեղինակ Արա Քեթիպեան Ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր 11-րդ հատորը: 24 ապրիլ 2023-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին «Առաջին ալիք»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան խօսեցաւ գիրքին, ինչպէս նաեւ մերօրեայ զարգացումներուն մասին: 1890-1922 թուականներու ամերիկեան մամուլը, ներառեալ առաջատար օրաթերթերը`…