
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ պահուած հարուստ արխիւներէն մէկուն՝ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի արխիւին հիման վրայ լոյս տեսած է «Մշոյ Պուլանըք գաւառի հայաբնակ գիւղերն ըստ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսին ուղղուած նամակներուն» աշխատութիւնը, որուն հեղինակը հայրենի երիտասարդ գիտնական, հետազօտող Վերա Սահակեանն է: Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց 125-րդ կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Խրիմեանի արխիւին մէկ…