
ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱՔՃԵԱՆ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ Բարեկենդանի աւանդոյթներուն մաս կը կազմէին երեք տիկնիկներ` Ուտիս տատիկը, Պաս պապիկը կամ Ակլատիզը, որոնք խորհրդանշական տեղ կը գրաւէին Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն մէջ: Ուտիս տատիկը կը համարուէր ճոխ կերակուրներ հովանաւորող տիկնիկը, որ հրապարակ իջնելով` մարդիկը խրախճանքի կը հրաւիրէր: Ուտիս տատիկը Բարեկենդանի օրերուն բոլորը կերուխումի կը հրաւիրէր: Իսկ Բուն Բարեկենդանին Ուտիս…