
Դոկտ․ Արա Սայեղ Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային աղբիւրները ընդհանրապէս եւ լեհական գրականութիւնը մասնաւորապէս հարստացան նոր երկու լեհերէն հատորներով։ 2020 թուականի երկրորդ կիսուն լոյս տեսաւ «Բնաջնջել Հայերը – Ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագրով գիրքը, որ կը պարունակէ 233 միջակ չափի էջ, հրատարակուած՝ Մարեք Տերեվիէցքի հրատարակչութեան կողմէ, Լեհաստանի Բոզնան քաղաքի մէջ։ Գիրքի հրատարակութիւնը կը վայելէ Լեհաստանի՝ Մշակոյթի եւ ազգային…