Անին այսօր կը գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կարս նահանգին մէջ `Ախուրեան գետի աջ ափին վրայ, որու ձախ ափն ալ Հայաստանն է. Ան անմարդաբնակ է ու աւերակ դարձած. Ծովու մակարդակէն 1500 մ. բարձրութեան վրայ եռանկիւնաձեւ սարահարթ մըն է, շրջապատուած Անի գետակով, որ Ախուրեանին կը խառնուի Իգաձորով, Ծաղկոցաձորով եւ Գայլաձորով. Հիւսիսային կողմէ ալ պարսպապատուած է, որով անառիկ դիրք…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ԱՐՄԱՎԻՐ
Արմաւիրի Բլուրի հիւսիսային տեսքը Քաղաքի հիմնադիրն է Արգիշտի Ա. (Արա) (Ք.Ա. 786-764). Ան Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերը Ուրարտական պետութեան մէջ միաւորելէ յետոյ կը ձեռնարկէ Ասորեստանի ազդեցութեան տակ գտնուող ցեղերու միաւորման. Կ ‘արշաւէ մինչեւ Բաբելոն. Ան Ասորեստանի դէմ պատերազմէ մը յաղթական վերադարձին, Նաիրիի Ազա երկրին մէջ, Երասխ (Արաքս) գետի նախկին հունի ձախ ափին, 76 մ. բարձրութեամբ բլուրի…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ԱՐՏԱՇԱՏ
Արարատ լեռը, Խորվիրապի Վանքը եւ Խորվիրապի բլուրները, ուր կը գտնուէին Արտաշատի միջնաբերդը եւ պարսպապատ թաղերը Քաղաքի եւ Արտաշէսեան Թագաւորութեան (Ք.Ա. 189 – Ք. Վ. 1) հիմնադիրն է Արտաշէս Ա. (Ք.Ա. 189-160). ԱՐՏԱՇԱՏ կը հիմնուի Ոստան գաւառի մէջ, Երասխ (Արաքս) եւ Մեծամօր գետերու հին հուներուն իրարու խառնուած տեղը, Խոր Վիրապի բլուրներուն վրայ. Այս տարածքի վրայ այժմ…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ԲԱԳԱՐԱՆ
Բագարան ընդհանուր տեսարան Քաղաքը հիմնած է Երուանդ Դ. (Երուանդ Վերջին) (Ք.Ա. 220-201). Ան գահ բարձրանալէ վերջ Ախուրեան եւ Արաքս գետերու իրարու խառնուած տեղը կը շինէ իր նոր մայրաքաղաքը, Երուանդաշատը, իսկ Ախուրեանի աջ ափին վրայ ալ փոքր քաղաք մը, Բագարան (կուռքարան), որպէս կրօնական կեդրոն. Արմաւիրէն Բագարան կը փոխադրէ չաստուածներու արձանները եւ մեհեաններու հարստութիւնը. Քրմապետութեան շատ կարեւոր…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ԴՈՒԻՆ
Դուին – Կեդրոնական Թաղ (Վերակազմութիւն) Քաղաքը հիմնած է Խոսրով Բ. Կոտակ թագաւորը (330-338). Արաքս գետը, որ Արտաշատ մայրաքաղաքի շուրջ ծնկաձեւ կը պտտէր եւ քաղաքը երեք կողմէն ջրային արգելակով կը պաշտպանէր, իր հունը կը փոխէ ու քաղաքին մօտերէն կը հեռանայ `մայրաքաղաքի շուրջ թողելով ճահիճներ, ըլլան որոնք բազմաթիւ մահաբեր հիւանդութիւններու պատճառ կ. Հունի փոփոխութեամբ քաղաքը կը կորսնցնէ…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ
Երուանդաշատ, 19 – րդ դարու գծագրութիւն Քաղաքի հիմնադիրն է Երուանդ Դ. (Երուանդ Վերջին) (Ք.Ա. 220-201). Ան գահ բարձրանալէ վերջ թէ, անձնական ապահովութեան, թէ, ռազմա ¬ քաղաքական եւ թէ Երասխ (Արաքս) գետի հունին Արմաւիրէն հեռանալուն հետեւանքով ձմեռը խմելու ջուր չըլլալուն պատճառներով, Երասխի ձախ ափին, անոր Ախուրեան գետի հետ խառնուած տեղը, ըստ Խորենացիի Երասխաձոր կոչուած վայրը, բլրի…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ԿԱՐՍ
Կարս, 20 – րդ դարու սկիզբը Կարս բերդը Մեծ Հայքի Արարատ նահանգի Վանանդ գաւառի գլխաւոր բերդերէն մին է. Օտար եւ հայ մատենագիրներէ յիշուած է «Կարուց բերդ», «Ամրոցն Կարուց», «Ամուրն Կարուց» անուններով. Կարսի ամրոցը թէեւ հայ մատենագիրներու կողմէ միայն 9 – րդ դարու պատմութեամբ կը յիշուի, սակայն հիմնարկուած է աւելի հին թուականներուն. Կարսի միջնաբերդը, Կարսի հիւսիսային…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ՇԻՐԱԿԱՒԱՆ
Քաղաքը կը կոչուի նաեւ Երազգաւորս (Երազգաւորք, Երազգաւորգ). Կը գտնուի Շիրակի շրջանին մէջ, Անիի հիւսիսարեւելքը, Ախուրեան գետի աջ ափին վրայ (այժմ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ). Քաղաքին որ թուականին եւ որու կողմէ հիմնուած ըլլալուն մասին յստակ տեղեկութիւններ ցարդ չեն յայտնաբերուած. Երազգաւորս անուան ծագումը կը վերագրուի Երուանդունիներու Երուազ տոհմանունին. Երազգաւորս գոյութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ շատ հին ժամանակներէն ի…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ
Ս. Էջմիածին պարիսպներէն դուրս, ձախին, Ս. Գայանէ, աջին, Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիները, Шарден-ի գծանկարը, 1711 թուին Քաղաքի մասին ամենահին տեղեկութիւնները Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան արքաներէն Ռուսա Բ .- ի (Ք. Ա 685-645) թողած սեպագիր արձանագրութիւններէն կը ստացուի. Զուարթնոցի թանգարանը պահուած այս գրութեան համաձայն Ռուսա Բ. այդտեղ Իլդարունի (Հրազդան) գետէն ջուր բերող եւ իր անունը կրող ջրանցք մը…
Մեծ Հայքի մայրաքաղաքներ
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ
Տիգրանակերտի պարիսպներուն աւերակները Տիգրան Ք.Ա. 83 – ին վերջ կուտայ Սելեւկեան թագաւորութեան եւ մայրաքաղաք Անտիոքի (Անթաքիա) մէջ կը թագադրուի որպէս արքայից արքայ. Անտիոք, մօտ կէս միլիոն բնակչութեամբ, կը դառնայ կայսրութեան հարաւային մայրաքաղաքը եւ Տիգրան, հոն, իր անունով ու պատկերով արծաթէ եւ ոսկէ դրամ կտրել կուտայ. Տիգրան կը գրաւէ նաեւ Փիւնիկիան (այժմու Սուրիոյ եւ Լիբանանի Միջերկրականի…