
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ազգային ազատագրական պայքարի էջերուն մէջ բազմաթիւ են խիզախագոյն ֆետայիներն ու հերոսները, որոնք յայտնուեցան 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին՝ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին իբրեւ արդիւնք։ Մեր յեղափոխական կռիւի ազատութեան ձայնը գոռաց անոնց զէնքերու փողերէն: Այդ պայքարին մէջ անոնք էապէս խառնուեցան հայրենի հողին, մարմնացան անոր լեռներով եւ վերածուեցան մեր յեղափոխութեան ապառաժին՝ մեր…