
Իզմիրի նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Փետրուար 2021, Երեքշաբթի, ժամը 17.30-ին, Իզմիրի Սանթա Մարիա Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։ Սոյն արարողութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցան Միջեկեղեցական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանէ, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանէ եւ Նորա…