
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ «Յիշողութեան բազմամշակոյթ շրջագայութիւններու ուղեցոյց» ծրագիրը, որ ծանօթ է նաեւ «ՔարՏէս» կոչումով Հրանդ Տինք Հիմնարկի հետաքրքրական նախաձեռնութիւններէն մէկն է։ Այս ծրագիրը վերջերս ալ աւելի ճոխացաւ շրջագայութիւններու ցանկին մէջ աւելցնելով Անգարա քաղաքը։ Այժմ «ՔարՏէս»ի միջոցաւ հասանելի է Անգարայի Հիսար, Ուլուսի հրապարակ, Հրէից թաղամաս, Քաւաքլըտերէ ու վերջապէս Գըզըլայ թաղամասերը։ Այս դրութիւնով այլեւս հասանելի է նաեւ քաղաքի…