Արամ Ա. կաթողիկոս կը գնահատէ Հիլըրի Քլինթընի կեցուածքը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. կաթողիկոս նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի, մէկ կողմէ գնահատելով կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած հողերու վերադարձին գծով Միացեալ Նահանգներու յիշեցումը՝ Թուրքիոյ պետութեան, իսկ միւս կողմէ յիշեցնելով, թէ հայ ժողովուրդին կապուած ազգապատկան ու եկեղեցապատկան բազմաթիւ կալուածներ գոյութիւն ունին Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ, եւ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր այդ ուղղութեամբ:

Ստորեւ վեհափառին նամակը.

«Քանի մը օրեր առաջ վերադարձանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին տուած մեր հովուապետական այցելութենէն: Արդարեւ, մենք հպարտ եղանք վկան հանդիսանալով այն բոլոր իրագործումներուն, որոնք կատարուած են մեր գաղութէն ներս վերջին տարիներուն ընթացքին՝ համայնքային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս:

«Արդարեւ, գաղութի կազմակերպութիւններուն հետ մեր ունեցած հանդիպումներու ծիրէն ներս, Ամերիկայի Հայ Դատի մարմինին հետ հանդիպման ընթացքին իրազեկ դարձանք ձեր 14 Սեպտեմբեր 2011 թուակիր նամակին, որով կը վերահաստատէք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց առնչութեամբ, միաժամանակ յայտնելով ձեր կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ «թրքական իշխանութիւններուն հետ բարձրագոյն մակարդակի վրայ հետապնդելու Թուրքիոյ կողմէ նախօրօք բռնագրաւուած կրօնական փոքրամասնութիւններու ինչքերուն վերադարձի հարցը»: Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ բռնի կերպով արմատախիլ եղած է իր դարաւոր նստավայրէն, կը մնայ օրինական սեփականատէրը եւ հոգեւոր իշխանութիւնը Թուրքիոյ տարածքին հայկական հողամասերու վրայ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներու, վանքերու, հիւանդանոցներու, բուժկեդրոններու, դպրոցներու, որբանոցներու, յուշակոթողներու, գերեզմանատուներու եւ այլ հոգեւոր կեդրոններու ու կալուածներու: Յիշեալ կալուածները, ինչպէս նաեւ անհամար շարժուն կալուածներ, որոնց շարքին նաեւ՝ հոգեւոր եւ մշակութային գանձեր, օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի կերպով բռնագրաւուած էին Հայ եկեղեցիէն՝ 1890ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ջարդերուն ողբերգական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական կեդրոններու բռնագրաւումն ու սրբապղծութիւնը փաստագրուած են կառավարութիւններու, եկեղեցիներու եւ ակադեմական կեդրոններու կողմէ, աշխարհի բոլոր տարածքին, ներառեալ՝ կը հաւատանք՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հսկայածաւալ արխիւներուն մէջ:

«Թուրքիոյ վարչապետ պրն. Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յղուած մեր 31 Օգոստոս 2011 թուակիր նամակով, անոր նկատողութեան յանձնեցինք, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան 26 Օգոստոս 2011ի՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու բռնագրաւուած կալուածները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու որոշումը կը ներկայացնէ սոսկ ջնջին, եւ ցարդ չիրականացուած քայլ մը՝ դէպի արդարութիւն առաջնորդող: Մենք նաեւ ընդգծեցինք, որ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութիւն, ինչպէս նաեւ իր ազգային արդար իրաւունքներու ամբողջական վերահաստատումը պահանջելէ:

«Մենք կը զօրակցինք ձեր ամուր կեցուածքին եւ մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար, որով ձեր կառավարութիւնը կը ձգտի ապահովել Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած կրօնական ինչքերու վերադարձը իրենց իրաւատէրներուն»:

http://asbarez.com/arm/114753/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2011
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ