Երգով, խաղով ներկայացում մը

Դժո­ւար չէ կռա­հել թէ դահ­լի­ճը լե­ցուն էր ծնող­նե­րով, մեծ ծնող­նե­րով եւ ման­կանց երգչա­խումբի եր­բեմնի սա­ներով։

Բագրատ Էսդուգեան

«Զա­պարէ», «Անու­շա­պուր», «Ձի­աւոր­ներ»,«Արի Նոր Տա­րի», «Թզու­կի Եր­գը», «Քաջ Նա­զար», «Վի­վա Լա Մու­զի­քա», «Գն­դակի Խաղ», «Մրջիւննե­րը Կը Քա­լեն», «Նու­պար Նու­պար», «Կեն­դա­նինե­րու Ժո­ղովը» ու վեր­ջա­պէս «Քայ­լերգ Սա­յաթ Նո­վա Ման­կանց Երգչա­խումբի»։

Այս էր Սա­յաթ Նո­վա Ման­կանց Երգչա­խումբի 6 Յու­նիս շա­բաթ երե­կոյ Օր­թա­գիւ­ղի Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի բե­մէն կա­տարած ներ­կա­յացու­մը։

Կազ­մա­կեր­պիչնե­րը ար­դա­րօրէն խու­սա­փած են այս ներ­կա­յացու­մը հա­մերգ կո­չելէ, քա­նի որ բե­մին վրայ կա­տարուածը ման­կա­կան ու­րախ հա­մագոր­ծակցու­թեան մը կրկնու­թիւնն էր պար­զա­պէս։

Այդ հա­մագոր­ծակցու­թիւնը կրկնուեցաւ իւ­րա­քան­չիւր շա­բաթ օր Կեդ­րո­նական Սա­նուց Միու­թեան եր­թի­քին տակ իբ­րեւ հա­յեցի երգ ու խա­ղի զո­ւարթ մի­ջոցա­ռում։

Նկա­տի ու­նե­նանք թէ 29 ան­դամնե­րէ բաղ­կա­ցող ման­կանց կազ­մի կրտսե­րագոյ­նը հա­զիւ 3,5 տա­րեկան է, այ­սինքն նա­խաման­կա­պար­տէ­զական տա­րիքով։ Աշ­խա­տակազ­մի ան­դամնե­րը Առէն Սել­վիօղ­լու, Գա­յիանէ Կավ­րի­լոֆ, Մա­սիս Թա­շը, Մա­րալ Ուսթա Պալ եւ Նա­րօտ Էր­քոլ, բո­լորն ալ նոյ­նա­նուն երգչա­խումբի եր­բեմնի ան­դամներ իրենց բո­լոր կա­րելին ի գործ դրած էին այդ 29 մա­նուկնե­րու, եր­գով, խա­ղով ու­րախ հա­յեցի ժա­ման­ցին հա­մար։

Դժո­ւար չէ կռա­հել թէ դահ­լի­ճը լե­ցուն էր ծնող­նե­րով, մեծ ծնող­նե­րով եւ ման­կանց երգչա­խումբի եր­բեմնի սա­ներով։

Ար­դա­րեւ 1996-ին, Զա­րեհ Խրա­խու­նիի հե­ղինա­կած բա­ռերու հա­մար Գէորգ Դա­ւիթեանի յօ­րինու­մով գո­յացած քայ­լերգը խորհրդան­շական պահ մը ապ­րե­ցուց, երբ այ­սօ­րուայ ծնող­նե­րը վե­րադար­ձան իրենց ման­կութեան օրե­րուն եւ փոք­րիկնե­րու հետ միասին եր­գե­ցին այդ քայ­լերգը։

Այ­սօր խումբի տա­րիքի մի­ջինը կը թե­լադ­րէ եր­գը ըն­դե­լու­ծել խա­ղի հետ։ Բայց ար­դէն տա­րիքով քիչ մը հա­սուննե­րը դաշ­նա­մու­րի վրայ ու­նե­ցած ելոյթնե­րով պար­զե­ցին նաեւ իրենց երաժշտա­կան սկզբնա­կան հմտու­թիւննե­րը։ Յոյս պի­տի պա­հենք թէ Սա­յաթ Նո­վա ման­կանց կազ­մի ան­դամնե­րը յա­ռաջի­կայ տա­րինե­րուն երաժշտա­կան աւե­լի ցայ­տուն կա­տարումնե­րով պի­տի շա­րու­նա­կեն իրենց եր­թը, վառ պա­հելով խիստ կա­րեւոր աւան­դութիւն մը։

Ու­րեմն կը մնայ շնոր­հա­ւորել այդ ջա­հը վառ պա­հելու հա­մար զո­հողու­թիւն եւ նո­ւիրում ներդրած բո­լորը, ող­ջունել իրենց աշ­խա­տան­քը եւ մաղ­թել ուժ ու կորով։

https://www.agos.com.tr/am/news/yrkvv-khaghvv-nyrgahatsvwm-mi-40849

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ