Փերան կը պահէ իր հմայքը

•

Հմա­­յիչ էր հա­­մեր­­գի խո­­րագի­­րը։ Նախ «Կին­­տո­­­ներու Պար» կո­­չու­­մը մեր յի­­շողու­­թեան մէջ ան­­մի­­­ջապէս կեն­­դա­­­նացուց Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի նոյնանուն յօ­­րինու­­մը։ Այս ան­­գամ սա­­կայն «Կին­­տո­­­ներու Պար»ը մե­­զի կը ներ­­կա­­­յանար բո­­լորո­­վին տար­­բեր կեր­­պա­­­րան­­քով։ Փո­­խանակ Թիֆ­­լի­­­սի բնո­­րոշ կեր­­պա­­­րին բե­­մին վրայ կը հնչէր երի­­տասարդ երա­­ժիշ­­տի մը յան­­կարծա­­բանու­­թիւնը ձեռ­­նա­­­դաշ­­նա­­­կի կա­­տարու­­մով։

Բագրատ Էսդուգեան

Հօրս եթէ ոչ պա­տանու­թեան վաղ երի­տասար­­դութեան յու­­շե­­­րէն լսած եմ Փե­­րա, շար­­ժանկար դի­­տելու հմայ­­քը։ «Ռու­­մե­­­լի Հի­­սարէն մին­­չեւ Պե­­պէք կը քա­­լէի։ Հան­­րա­­­կառքով կը հաս­­նէի Թաք­­սիմ։ Շատ ան­­գամ «Մե­­լեք» (ապա եր­­կար տա­­րիներ «Էմէք») սի­­նեմա­­յի մէջ ֆիլմ մը դի­­տելէ ետք կը հան­­դի­­­պէի «Պայ­­լան» ծա­­ղարա­­նը, «Ատիս Ապա­­պա» մը ու­­տե­­­լու հա­­մար։ Աւար­­տին նոյն ճամ­­բով կը վե­­րադառ­­նա­­­յի Հի­­սարի մեր տու­­նը»։

Հայրս այս բո­­լորը պատ­­մե­­­լէն ետք կը յու­­շէր նաեւ ծախ­­սած գու­­մա­­­րը, որ եր­­բեք չէր գե­­րազան­­ցեր 1 լի­­րան։

Այս պա­­տու­­մի բո­­լոր ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը ան­­­հա­­­­­­­ւատա­­­լի են մեր օրուայ պայ­­­մաննե­­­րու մէջ։ Հան­­­րա­­­­­­­կառ­­­քը ոչ, բայց հան­­­րա­­­­­­­շար­­­ժը իբ­­­րեւ վեր­­­ջին կան­­­գառ կը հաս­­­նի շատ աւե­­­լի հե­­­ռու վայ­­­րեր, նոյ­­­նիսկ Սա­­­րիյա­­­րէն ալ աւե­­­լի ան­­­դին, Սեւ Ծո­­­վի ափե­­­րուն։ Դրա­­­մի ար­­­ժէ­­­­­­­քը եւս ան­­­կա­­­­­­­րելի է պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­նել, քա­­­նի որ այդ տա­­­րինե­­­րուն շրջա­­­գայու­­­թեան մէջ էր «փա­­­րա» դրա­­­մանի­­­շը, որուն 40 միաւո­­­րը կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէր 1 ղրու­­­շի։ Այս բո­­­լորին մէջ եթէ պի­­­տի փնտռենք ան­­­փո­­­­­­­փոխ մնա­­­ցած բան մը, այդ մէ­­­կը Փե­­­րա ելած ըլ­­­լա­­­­­­­լու ար­­­դած ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնն էր միայն։ Մենք այդ ու­­­րախ տրա­­­մադ­­­րութիւ­­­նով է, որ դուրս եկանք տու­­­նէն եւ ու­­­ղո­­­­­­­ւեցանք դէ­­­պի Փե­­­րայի պատ­­­մա­­­­­­­կան Միս փո­­­ղոցը, այդ տե­­­ղի պա­­­րերէն մէ­­­կուն կա­­­յացող հա­­­մեր­­­գին ներ­­­կայ գտնո­­­ւելու հա­­­մար։

Խոս­­­տո­­­­­­­վանինք թէ այս մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մը մե­­­զի հա­­­մար ալ բա­­­ւակա­­­նին ան­­­սո­­­­­­­վոր դի­­­մագիծ մը ունէր։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով պա­­­րի մէջ երաժշտու­­­թիւն լսե­­­լու որոշ դժո­­­ւարու­­­թիւննե­­­րը, ապա­­հովե­­ցինք նաեւ նստա­­րանի դրու­­թիւն մը, քա­­նի որ պի­­տի դժո­­ւարա­­նայինք երի­­տասարդ սե­­րունդի նման ժա­­մերու տե­­ւողու­­թեամբ ձեռ­­քերնիս գա­­րեջու­­րի շի­­շով մը ճո­­ճուիլ աջ ու ձախ։

Հմա­­յիչ էր հա­­մեր­­գի խո­­րագի­­րը։ Նախ «Կին­­տո­­­ներու Պար» կո­­չու­­մը մեր յի­­շողու­­թեան մէջ ան­­մի­­­ջապէս կեն­­դա­­­նացուց Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի նոյնանուն յօ­­րինու­­մը։ Այս ան­­գամ սա­­կայն «Կին­­տո­­­ներու Պար»ը մե­­զի կը ներ­­կա­­­յանար բո­­լորո­­վին տար­­բեր կեր­­պա­­­րան­­քով։ Փո­­խանակ Թիֆ­­լի­­­սի բնո­­րոշ կեր­­պա­­­րին բե­­մին վրայ կը հնչէր երի­­տասարդ երա­­ժիշ­­տի մը յան­­կարծա­­բանու­­թիւնը ձեռ­­նա­­­դաշ­­նա­­­կի կա­­տարու­­մով։

Մի­­քայիլ Եաքու­­թի անու­­նը ծա­­նօթ էր մե­­զի իր նախ­­կին թո­­ղար­­կած ալ­­պո­­­մով, որու մէջ ան կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր եւս եր­­կու երա­­ժիշտնե­­րու, կազ­­մե­­­լով «Ակա Թռիօ» նո­ւագա­­խումբը։

Այդ յա­­ջող միաս­­նութե­­նէն ետք, այս ան­­գամ Մի­­քայիլ Եաքութ երաժշտա­­սէր­­նե­­­րուն կը ներ­­կա­­­յանայ իր հե­­ղինա­­կային ծրագ­­րով։

Իրա­­կանու­­թեան մէջ ալ­­պո­­­մը չորս բա­­ժին­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցած ամ­­բողջու­­թիւն մըն է, որուն մէջ երի­­տասարդ երա­­ժիշ­­տը կը փոր­­ձէ ձեռ­­նա­­­դաշ­­նա­­­կի հնչո­­ղակա­­նու­­թեան սահ­­մաննե­­րը մերթ ընդ մերթ հան­­դի­­­սատե­­սը տա­­նելով զար­­մանքի ու հիաց­­ման ապ­­րումնե­­րուն։

Հա­­մեր­­գի ըն­­թացքին ճա­­զի դաշ­­նա­­­կահա­­րու­­հի Այ­­շէ Թիւ­­թիւնճիւ, երգչու­­հի Այ­­շէ­­­նուր Քո­­լիվար եւ քլար­­նե­­­թիսթ Քա­­մու­­րան Եալ­­չըն իրենց կա­­տարումնե­­րով փայլ տո­­ւին այս եզա­­կի հա­­մեր­­գին։

Հօրս ար­­կա­­­ծախնդրու­­թե­­­նէն 80 տա­­րիներ անց Փե­­րան կը պա­­հէր նոյն հմայ­­քը պայ­­մա­­­նաւ որ հաշ­­տո­­­ւած ըլ­­լանք կեան­­քի պար­­տադրած բազ­­մաբնոյթ փո­­փոխու­­թիւններուն։

https://www.agos.com.tr/am/news/pyran-gi-bahe-ir-hmahki-42402

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ