Էսքիշեհիր՝ գաղափարակիցներով շրջապատուած

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Այս ան­գամ ու­ղի­ներու ժա­պաւէ­նը եր­կաթգծի մի­ջոցաւ մեզ կը տա­նին դէ­պի երկրի ներ­քին շրջան­նե­րը։ Այս ան­գամ հրա­ւէրը եկած էր Էս­քի­շեհի­րէն։ Վա­ղեմի բա­րեկամ­ներ կ՚ու­զեն մեր մի­ջոցաւ լսել հա­յոց պատ­մութեան մա­նաւանդ ալ, հայ մշա­կոյ­թի առանձնա­յատ­կութիւննե­րու մա­սին։

Հրա­ւիրող­նե­րը որ­քան ալ ծա­նօթ ըլ­լան պատ­կե­րացում մը չու­նինք թէ Էս­քի­շեհիր հաս­նե­լով որո՞նց հետ պի­տի շփո­ւինք։ Մեզ ու­ղեկցող­ներ հպար­տութեամբ կը պատ­մեն թէ շնոր­հիւ քա­ղաքի բազ­մա­մեայ քա­ղաքա­պետ՝ Եըլ­մազ Պիւ­յիւքէրշե­նի քա­ղաքը աճած, ընդլայ­նած, բազ­մա­ցած եւ զար­գա­ցած է առանց կորսնցնե­լու իր պատ­մա­կան դի­մագի­ծը։

Մեզ հիւ­րընկա­լող «Աւ­լու Սա­նաթ» միու­թիւնը քա­ղաքի պատ­մա­կան Օտուն Բա­զարը թա­ղին մէջ է, որ նաեւ ծա­նօթ է հա­յոց թա­ղամաս կո­չու­մով։

Այստեղ բա­ցար­ձա­կապէս չենք հան­դի­պիր բազ­մա­յարկ շէն­քե­րու։ Ընդհան­րա­պէս երկյար­կա­նի, եր­բեմն ալ եռա­յարկ շէն­քե­րը խնամ­քով նո­րոգո­ւած են առանց զո­հելու իրենց եր­բեմնի տես­քը։

Քա­ղաքի կեդ­րո­նը՝ ուր իջե­ւանած էինք նաեւ մենք, օժ­տո­ւած է գե­ղեցիկ մտայ­ղա­ցումնե­րով։ Փոր­սուք գե­տի վրայ կը շրջին կոն­տոլներ, գո­յաց­նե­լով Վե­նետի­կեան տպա­ւորու­թիւն մը։ Ան­դին կը գոր­ծէ հան­րա­կառք եւ բո­լորի հա­մադ­րումը կը պար­զէ ար­դիաշունչ քա­ղաքի մը տպա­ւորու­թիւնը։

Էս­քի­շեհիր ծա­նօթ է նաեւ ու­սա­նող­նե­րու քա­ղաք ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով։ Շնոր­հիւ Անա­տոլու Հա­մալ­սա­րանի բա­զում երի­տասար­դութիւն կը վա­յելեն այս չքնաղ քա­ղաքի ըն­ձե­ռած յար­մա­րու­թիւններն ու գե­ղեց­կութիւննե­րը։ Քա­ղաքի աժ­մու բնա­կիչ­նե­րը ընդհան­րա­պէս գաղ­թա­կան­ներ են, մե­ծաւ մա­սամբ թա­թար թուրքեր եւ չեր­քէզնե­րու տար­բեր ցե­ղախումբեր։ Կան նաեւ մեծ թի­ւով Պալ­քա­նեան թե­րակղզիէն գաղ­թած ժո­ղովուրդ։ Եթէ ոչ բո­լորին, գո­նէ մեզ շրջա­պատող զան­գո­ւածին հա­մար կրնանք ըսել թէ խիստ հե­տաքրքիր են իրենց ապ­րած տա­րած­քի պատ­մա­կան ան­ցեալով։

Այդ ու­շադրու­թեան իբր հե­տեւանք, անոնք կազ­մա­կեր­պե­ցին դէ­պի Սիվ­րի­հիսար շրջա­գայու­թիւն մը, որ­պէսզի տես­նենք տեղ­ւոյն Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեցին։

1881-ին կա­ռու­ցո­ւած այս եկե­ղեցին իր դիր­քով, ծա­ւալով ու վե­րանո­րոգո­ւած տես­քով իս­կա­պէս ալ հմա­յիչ է բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րու հա­մար։ Մե­զի հա­մար կա­րելի չե­ղաւ Սուրբ Եր­րորդու­թեան Եկե­ղեց­ւոյ ներքնա­մասը տես­նել, քա­նի որ մուտքի դռնե­րը փակ էին ու կղպո­ւած։ Բայց այդ երե­ւոյ­թը ար­գելք չէր եղած, որ եկե­ղեցին ու­նե­նար այ­ցե­լու­ներ, որոնք կը գո­հանա­յին եկե­ղեց­ւոյ շքեղ տես­քը դի­տելով։

Սիվ­րի­հիսա­րի քա­ղաքա­պետու­թիւնը շատ տե­ղին որո­շու­մով մը եկե­ղեց­ւոյ հան­դի­պակած սա­րալան­ջի տա­րած­քը վե­րածած էր քան­դակնե­րու թան­գա­րանի մը։ Հոն քան­դա­կուած էին թրքե­րէն գրա­կանու­թեան ժա­մանա­կակից հե­ղինակ­ներ եւ այլ ար­հեստա­գէտ­նե­րու ար­ձաններ։

Առա­ջին հեր­թին տրո­ւած բա­ցատ­րութիւ­նով կ՚ըսո­ւէր թէ եկե­ղեցին փակ է, որով­հե­տեւ վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Բայց պար­տինք ընդգծել թէ նման աշ­խա­տան­քի մը գո­յու­թիւնը պար­զող ոչինչ կար մեր տե­սադաշ­տին մէջ։ Ըստ երե­ւոյ­թի եկե­ղեցին ար­տա­քինով բա­րեկար­գո­ւած էր, բայց ներ­քին գոր­ծա­ծու­թեան մա­սին յստակ որո­շում մը ցարդ չէր գո­յացած։

Մենք ար­դէն եր­կու ինքնա­շարժնե­րով հա­սած էինք Սիվ­րի­հիմար, ուր մե­զի միացան եւս եր­կու ինքնա­շարժնե­րով տեղ հա­սած երի­տասարդ ակա­դեմա­կան­ներ։ Անոնք լաւ պատ­րաստո­ւած մտա­ւորա­կան­ներ էին նաեւ, որոնց հետ ու­նե­ցանք հա­ճելի զրոյց Սուրբ Եր­րորդու­թեան շրջա­փակին։

Նոյն օր այ­ցե­լեցինք Սա­քարիա գե­տի ակը, ուր եւս հան­դի­պեցանք մեզ հրա­ւիրող­նե­րու բա­րեկամ­նե­րուն։ Նշեմ թէ իւ­րա­քան­չիւր հան­դի­պում մե­զի հա­մար կը դառ­նար նոր ու­րա­խու­թիւն մը, քա­նի կը ծա­նօթա­նայինք գա­ղափա­րակից յա­ճախ ալ տա­րեկից ան­ձանց հետ։ Քա­նի կը ծա­ւալէր զրոյ­ցը, ալ աւե­լի կը պար­զուէր մեր մի­ջեւ հա­սարա­կական միտ­քերն ու ճա­շակ­նե­րը։ Մերթ հրճո­ւան­քով, մերթ թա­խիծով կը յի­շատա­կէինք ան­ցեալէն ժա­ռան­գո­ւած բազ­մաբնոյթ դէպ­քեր։ Մե­զի հա­մար խիստ տպա­ւորիչ էր, երբ կը խօ­սէինք «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րու ժա­մանակ վայ­րա­գօրէն սպա­նուած Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի մա­սին։

Մեր զրու­ցա­կից­նե­րը երի­տասարդ ու­սա­նողի մա­հէն ետք այ­ցե­լած էին անոր ըն­տա­նիքը, ծննդա­վայր Ան­թա­քիոյ մէջ եւ մին­չեւ այ­սօր կը տա­ռապին իրենց քա­ղաքի մէջ նման ոճի­րի մը գոր­ծուելուն ամօ­թէն։

Եր­րորդ օրը՝ 9 Մա­յիս շա­բաթը, վե­րապա­հուած էր մեր ելոյ­թին։ Տրո­ւած ըլ­լա­լով թէ հան­դիպման վայ­րը սահ­մա­նափակ տա­րողու­թիւն ու­նէր, կազ­մա­կեր­պիչնե­րը խու­սա­փած էին ընդհա­նուր հրա­ւէրի կո­չերէ։ Փո­խարէ­նը՝ անուն առ անուն ճշդո­ւած զան­գո­ւածը հրա­ւիրած էին մեզ լսե­լու։

Լսա­րանին մէջ նոյ­նիսկ կա­յին ան­ձեր, որոնք առա­ւօտո­ւայ գնաց­քով եկած էին Էս­քի­շեհիր, այս մի­ջոցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւելու եւ ապա իրի­կուան գնաց­քով ալ վե­րադար­ձան դէ­պի Պո­լիս։

Զրու­ցա­վար Զէ­քի Փա­րալը մեր նա­խորդ գիր­քե­րէն քա­ղած հար­ցումնե­րով ուղղու­թիւն տո­ւաւ ժո­ղովին։ Ան հե­տաքրքիր էր լսե­լու Թուրքիոյ հայ հա­մայնքի թէ՛ մօտ ան­ցեալի, թէ պատ­մա­կան ժա­մանակ­նե­րու եւ թէ ներ­կա­յի մար­տահրա­ւէր­նե­րու մա­սին։

Սա­կայն զրոյ­ցը յա­ճախ դուրս եկաւ այդ սահ­մա­նումնե­րէն, անդրա­դարձներ բե­րելով Հա­յաս­տան-Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, ժո­ղովուրդնե­րու հա­մակե­ցու­թեան հետզհե­տէ հա­մաշ­խարհա­յին խնդիր­նե­րու սահ­մաննե­րը հա­տելով։

Իբ­րեւ եզ­րա­կացու­թիւն կա­րելի է ըսել թէ շատ դրա­կան տպա­ւորու­թիւննե­րով վե­րադար­ձանք տուն, ըստ երե­ւոյ­թի մեր ետեւ թո­ղելով նաեւ նոյնքան դրա­կան տպա­ւորու­թիւն։

Քա­նի որ կազ­մա­կեր­պիչնե­րը ապա­հոված էին մեր պատ­մո­ւածքնե­րը բո­վան­դա­կող կամ մե­զի հետ կա­տարո­ւած եր­կա­րաշունչ հար­ցազրոյց նե­րառող հա­տոր­ներ, աւար­տին հար­կադրո­ւեցանք սոյն գիր­քե­րը մա­կագ­րե­լու։

Ու­շագրաւ է որ ներ­կա­ներէն ոմանք գնե­ցին մեր «Պան­դուխտ Եր­գեր» հա­յերէն գիր­քը եւ խնդրե­ցին այդ մէ­կը ստո­րագ­րել հա­յերէն լե­զուով։

Կի­րակի ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն հրա­ժեշտ առինք մեր սի­րելի բա­րեկամ­նե­րէն, կրկին հան­դի­պելու մաղ­թանքներ փո­խանա­կելով։

https://www.agos.com.tr/am/news/eskishyhir-kaghaparagitsnyrvv-shrcheabadvwadz-40504

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ