Քեսապի տարագիր հայութիւնը Երուսաղէմի եւ Փոր Սայիտի մէջ

Արեւելեան լեգէոնին քեսապցի կամաւորները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սալթի շրջանին մէջ շուրջ երկուքուկէս տարի ապրած քեսապցի տարագիր հայերը 1918-ի գարնան սկիզբը բրիտանական նահանջող բանակին հետ անցած էին Յորդանան գետը: Գաղթականները անգլիական բանակին կողմէ Երուսաղէմ առաջնորդուեցան եւ Հայկական թաղին մէջ տեղաւորուեցան:

Սուրբ Յակոբեանց Մայր տաճար

Հայկական թաղը, պարսպապատ հին քաղաքին հարաւ-արեւմտեան կողմը, Սիոն լերան բարձունքին, կ՛ընդգրկէ Սուրբ Յակոբեանց Մայր տաճարը, Սուրբ Թորոս մատուռ- ձեռագրատունը, Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցին, պատրիարքարանը, հոգեւորականներու, աշխարհականներու եւ ուխտաւորներու բնակութեան թաղերը եւ Ժառանգաւորաց վարժարանը:

Գաղթականներուն սենեակներ եւ անկողիններ տրամադրուեցան եւ անոնց ամէնօրեայ դրութեամբ ուտեստեղէն տրուեցաւ:

Իբրեւ յիշատակ իրենց Երուսաղէմ ըլլալուն, անոնք հաւաքաբար խաչի նշաններով դաջել տուին իրենց ձեռքերը:

Գաղթականները կը պատրաստուէին մեծ շուքով, հաւաքաբար տօնելու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Սուրբ Յարութեան տաճար պիտի երթային եւ Քրիստոսի լուսգերեզմանը պիտի տեսնէին:

Պիտի տեսնէին լուսգերեզմանէն ելլող կրակը:

Այդ ժամանակ (իսկ Երուսաղէմի մէջ, ինչպէս նաեւ օրթոտոքս եկեղեցիները` մինչեւ այժմ) Սուրբ Զատիկը կը տօնուէր հին տոմարով: Սուրբ Յարութեան տօնը կը տօնուի գարնան գիշերահաւասարի լուսնի լրման առաջին կիրակին` մարտ 22-էն մինչեւ ապրիլ 25: 1918-ին նոր տոմարով Սուրբ Զատկուան տօնը կը զուգադիպէր մարտ 31-ին, իսկ հին տոմարով` ապրիլ 22/մայիս 5-ին: Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով ամէն տարի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, Սուրբ Շիրիմին շուրջ կռիւ կ՛ըլլար հայերուն, յոյներուն եւ լատիններուն միջեւ, թէ ով որքան տարածութիւն պիտի գրաւէ:

Բրիտանական զինուորական իշխանութիւնը, յաւելեալ կռիւի առաջքը առնելու մտքով, որոշեց Սուրբ Զատկուան տօնէն առաջ գաղթականները հեռացնել Երուսաղէմէն:

Աւագ չորեքշաբթի եւ Աւագ հինգշաբթի օրերուն անգլիական զինուորական իշխանութիւնը գաղթականները շոգեկառքերով Երուսաղէմէն Ուատի Սարար տեղափոխեց: Միջազգային Կարմիր Խաչը հոն սկսաւ նպաստ բաժնել ժողովուրդին: Բայց տրուած նպաստը խորհրդանշական բան մըն էր եւ շատեր գրեթէ անօթի կը մնային:

Գաղթականները Ուատի Սարար մնացին հինգ շաբաթ: Յետոյ անգլիական իշխանութիւնները զանոնք Ռամլէ փոխադրեց եւ վրաններու տակ տեղաւորեց: Ռամլէի մէջ կը գտնուի հայոց Սուրբ Գէորգ վանքը:

Այդ օրերուն Ռամլէ հսկայ ճամբարի մը վերածուած էր, ուր անգլիական բանակը հազարաւոր թուրք գերիներ արգելափակած էր: Գաղթականներու վրաններուն դիմացն էին այդ ճամբարները, ուր գերիները գրեթէ մերկ վիճակի մէջ տաժանակիր աշխատանք կը կատարէին:

Գաղթականները Ռամլէ մնացին հինգ-վեց շաբաթ եւ յետոյ շոգեկառքերով ճամբայ հանուեցան դէպի Եգիպտոս:

* * *

Ռամլէէն ճամբայ ելած գաղթականները կտրեցին անապատային տարածութիւններ, լեռներ եւ հովիտներ եւ յետոյ Սինայիի ծովափնեայ գօտիէն յառաջանալով հասան Սուէզի ջրանցքին արեւմտեան կողմը, Միջերկրականի ափին գտնուող Փոր Սայիտ:

Փոր Սայիտ հիմնուած է 1859-ին, Սուէզի ջրանցքի կառուցման ժամանակ եւ կոչուած Եգիպտոսի կառավարիչ խտիւ Սայիտի (1854- 863) անունով: Քաղաքին արեւմտեան կողմը Մանզալա լիճն է:

Փոր Սայիտ Աղեքսանդրիայէն ետք Եգիպտոսի երկրորդ մեծագոյն նաւահանգիստն էր եւ արաբ, ֆրանսացի, անգլիացի եւ իտալացի խառն բնակչութիւն ունէր:

Փոր Սայիտի ծովափնեայ աւազուտ գօտին ընդարձակ գաղթակայանի վերածուած էր, ուր արդէն երեք տարիէ ի վեր կայք հաստատած էր Մուսա Լերան ժողովուրդը:

Փոր Սայիտի գաղթակայանը իր մաքրութեամբ, կարգ ու կանոնով եւ ընկերային դասաւորումով ուրիշ աշխարհ մըն էր: Գաղթականներուն կացարաններ տրամադրուեցան եւ մնայուն կերպով նպաստ եւ ուտեստեղէն տրուեցաւ: Գաղթակայանին մօտակայքը անգլիացիք օսմանեան բանակէն գերի բռնուած զինուորներուն համար զինուորական ճամբար հաստատած էին:

* * *

Պատերազմի եւ Եղեռնի այդ օրերուն, Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի թելադրութեամբ եւ Պօղոս Նուպար փաշայի ջանքերով կազմուած էր Ազգային միութիւնը, որուն մէջ մտած էին հայկական կուսակցութիւններէ ներկայացուցիչներ:

Ազգային միութեան եւ ֆրանսական կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր հայկական զօրամասեր ստեղծելու եւ պատերազմին մասնակցելու համար, որուն իբրեւ վարձատրութիւն Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան հողերուն վրայ ֆրանսական հոգատարութիւն պիտի հաստատուէր եւ հայերուն ինքնավարութիւն պիտի տրուէր: Հայ կամաւորները պիտի կռուէին միայն թրքական ճակատին վրայ: Այսպիսով, 26 նոյեմբեր 1916-ին ստեղծուած էր Արեւելեան լեգէոնը:

Ֆրանսական կառավարութեան հետ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, Ազգային միութիւնը կոչ մը հրապարակած էր, ձեռնարկելով կամաւորներու արձանագրութեան, լեգէոն ստեղծելու նպատակով: Կոչը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր հայաշատ բոլոր գաղութներուն մէջ:

Ազգային միութեան կոչին առաջին արձագանգողները եղած էին Փոր Սայիտի մէջ ապաստան գտած մուսալեռցիները, որոնցմէ 600 հոգի զինուորագրուած էր լեգէոնին: Այսպիսով կազմուած էր Արեւելեան լեգէոնը, որուն մէջ մտած էին նաեւ 300 եգիպտահայեր եւ թրքական բանակէն գերի վերցուած 236 զինուորներ:

* * *

Ամերիկայի մէջ բնակութիւն հաստատած քեսապցի պանդուխտներէն շատեր 1917-ին կամաւոր արձանագրուեցան:

Քեսապցի կամաւոր արձանագրուողներէն յիշենք Ովսիա Սաղտըճեան, Լաւի Սաղտըճեան, Նշան Յովսէփեան, Վահրամ Յովսէփեան, Մովսէս Շահպազեան, Միսաք Կիրակոսեան, Նշան Կիրակոսեան, Յակոբ Փանոսեան, Ծերոն Մսըրլեան, Սերոբ Մսըրլեան, Նշան Հաշֆէեան, Վահան Չիւրիքեան, Սողոմոն Չիւրիքեան, Արամ Չիւրիքեան, Ծերոն Աբէլեան, Յակոբ Աբէլեան, Փանոս Չէլէպեան, Նշան Չէլէպեան, Պօղոս Մահտեսեան, Հրեշտակ Մահտեսեան, Աւետիս Կարպուշեան, Ծերոն Կարպուշեան, Երեմիա Կարպուշեան, Յակոբ Պաճագեան, Շահին Աթիկեան, Փանոս Այանեան, Քերոբ Պերեքէթեան, Խաչեր Իսքանպիլեան, Ճիվան Լեվրիկեան, Յովհաննէս Քորթեան, Աւետիս Գաթապեան, Մայք Գաթապեան, Խաչեր Նազարեան, Ճորճ Նազարեան, Եսայի Սողոմոնեան, Յովհաննէս Մաթոսեան, Յակոբ Պէօճէքեան, Պօղոս Պօղոսեան, Սերոբ Սուլեան, Տիգրան Փանաճեան, Հենրի Մահշիկեան, Ասատուր Գարամարտեան, Տիգրան Բզարեան, Վարդան Ընտըրըզեան, Մանասէ Դանիէլեան, Գէորգ Այնթապլեան, Ճորճ Այնթապլեան, Եսայի Ճուրեան, Միսաք Չագալեան, Սեդրակ Հաճիկեան, Գէորգ Փապուճեան, Քերոբ Փապուճեան, Ովսիա Փոլատեան, Աբրահամ Փոլատեան, Յովհաննէս Քորթեան, Յակոբ Արապեան, Աբրահամ Աճէմեան, Սերոբ Տէր Կարապետեան, Պետրոս Տէր Արթինեան, Փաւլոս Քէշիշեան, Ծերոն Քիլաղպեան, Մովսէս Յակոբեան, Պօղոս Չիլինկիրեան, Քերոբ Չիլինկիրեան, Գոգսի Պոզագլեան, Խաչիկ Հատատեան եւ Յովսէփ Գալայճեան:
Կամաւորները Կիպրոս փոխադրուեցան եւ Ֆամակուսթայէն 25 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Մորանկա ծովեզերեայ դաշտին մէջ հաստատուեցան:

Ամերիկայի պանդուխտ քեսապցիներէն ուրիշներ ալ կամաւոր արձանագրուեցան, բայց անոնք հնարաւորութիւն չունեցան Կիպրոս փոխադրուելու:
Կամաւորները Կիպրոսի մէջ քանի մը ամիս զինուորական մարզումներու հետեւեցան:

* * *

Կիպրոսի մէջ կեդրոնացած հայ կամաւորներու առաջին եւ երկրորդ գումարտակները 1918 մայիսին նաւերով Փոր Սայիտ փոխադրուեցան, ուրկէ քանի մը օր ետք շոգեկառքերով Քանթարա տարուեցան եւ Իսմայիլիայի շրջակայ անապատային չոր դաշտերուն մէջ հաստատուեցան, ուր ժամանակաւոր բանակատեղի կառուցեցին:

Օսմանեան բանակին մէջ մեծ համեմատութիւն ստացած էր դասալքութիւնը: Արաբ ազգայնական քարոզչութիւնը լայն ենթահող գտած էր, եւ արաբ զինուորներ ու սպաներ զէնքերը լքելով կամ զէնքերով դիրքերէն հեռանալով զանգուածաբար փախուստի կը դիմէին դէպի ազատագրուած շրջաններ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ դաշնակից ուժերու հրամանատարութիւնը դուռերը լայն բացած էր դասալիք զինուորներուն առջեւ եւ անոնցմէ կամաւորներ կը հաւաքագրէր: Այդ զինուորները օգտակար հանդիսացան յատկապէս հետախուզական աշխատանքներու մէջ: Այսպիսով, Արեւելեան լեգէոնին թիւը հասաւ 5500-ի. անոնց 400-ը արաբներ էին, մնացեալները` հայեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ