Փրոֆ. Թալին Սուճեան Կլենտէյլի մէջ պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ հայութեան մասին իր ուսումնասիրութիւնները

•

Երեքշաբթի, 27 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, փրոֆ. Թալին Սուճեան պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ հայութեան իւրայատուկ փորձառութիւններուն մասին իր ուսումնասիրութիւնները։

Փրոֆ. Սուճեան ծնած եւ հասակ նետած է Պոլսոյ մէջ, իսկ մասնագիտութիւնը ստացած է նախ Պոլսոյ, ապա Գերմանիոյ մէջ։ Ան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ եւ կը դասաւանդէ Միւնիխի «Լուտվիկ Մաքսիմիլիան» համալսարանին մէջ։

Ան հեղինակն է Outcasting Armenians. Tanzimat of the provinces («Վտարանդի Հայեր. Գաւառներու Թանզիմաթը», 2023) գիրքին։

Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին հասցէն է՝ 211 W Chestnut St, Glendale, CA 91204։

https://asbarez.am/archives/482645

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2025
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ