Հայաստան աւարտած է Թուրքիոյ հետ Մարգարայի սահմանային կէտի աշխատանքները 

Հայաստան աւարտած է Մարգարայի սահմանային կէտի աշխատանքները. անիկա բացումի պատրաստ վիճակի մէջ է:  27 փետրուարին, կառավարութեան նիստէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան:

«Հանրապետութեան վարչապետի հետ այց է եղել Մարգարայի սահմանային կէտ, շինարարական աշխատանքներն աւարտուած են, բացմանը պատրաստ վիճակ է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով անցակէտի բացման ժամկէտներուն՝ Խուդաթեան նկատել տուաւ, թէ անիկա քաղաքական որոշումի արդիւնք պէտք է ըլլայ, որ միայն Հայաստանի դիրքորոշումէն կախեալ չէ։ «Որեւէ յստակեցում այդ մասով չկայ, կամ առնուազն ես չեմ տիրապետում այդպիսի յստակեցման», յայտնեց Խուդաթեան:

https://asbarez.am/archives/477294

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ