Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին վրայ ներառելու պաշտօնական արարողութիւնը՝ 21 փետրուարին

Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը նամակ մը յղած էր Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ներառուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հայկական եկեղեցւոյ գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968էն ի վեր դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։

Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումէն ծերակուտական Պապ Արչուլեթա կը տեղեկացնէ, թէ յանձնաժողովը ընդունեց դիմումը եւ յուշարձանը պաշտօնապէս Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ պիտի ներառուի ուրբաթ, 21 փետրուարին:

Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Սալվատոր Մելենտեզ, առաջնորդներ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ինչպէս նաեւ Բարսեղ եպս. Պաղտասարեան եւ ICPB-ի ատենապետ Արմանտ Պաղտոյեան։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Մեսրոպեան ազգային վարժարանէն Նիք եւ Տիլըն Խաչիկեանները, որոնք վերջերս, նահանգային մակարդակի վրայ, պասքեթպոլի նոր մրցանիշներ հաստատեցին։

https://asbarez.am/archives/476709

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728  

Արխիւ