
«Մենք կարեւոր կը նկատենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը կարելի եղածին չափ արագ աւարտի եւ խաղաղութիւն հաստատուի: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցի եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուած, թուրք նախարարը ըսած է. «Մեզի համար արժէքաւոր քննարկումները կը շարունակուին: Ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնեն նաեւ երկիրներու ազգային անվտանգութիւնը: Ազրպէյճանն ու Հայաստանը այս հարցը կը քննարկեն»:
Ընդգծելով, որ կայ նաեւ Իրանի այլընտրանքը, Ապտուլքատիր Ուրալօղլու նշած է, որ այս տարբերակը նոյնպէս քննարկման սեղանի վրայ է:
«Ամէն պարագայի, այս միջանցքը պիտի անցնի: Մեր ազրպէյճանցի եղբայրները կ՛ուսումնասիրեն, թէ անիկա Հայաստանի՞, թէ՞ Իրանի տարածքով պիտի անցնի: Մենք նոյնպէս կը հետեւինք կացութեան», ըսած է Ուրալօղլու:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յունուարի վերջաւորութեան յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանը գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման ուղղութեամբ` Երեւանէն պահանջելով առանց ստուգումներու եւ անխոչընդոտ ճամբայ ապահովել Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան:
Leave a Reply